2016-ին Հայաստան այցելած իրանցիներու թիւը աւելցած է 30 տկոսով

2016 տարուան ընթացքին Հայաստան այցելած է Իրանի 188,851 քաղաքացի: Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, յայտնած է Զբօսաշրջութեան վարչութեան ամփոփ վերլուծութիւններու բաժինի գլխաւոր մասնագէտ Անոյշ Բաբայեան:

«Նախորդ՝ 2015 թուականի համեմատ Իրանից Հայաստանի Հանրապետութիւն այցելածների թիւն աւելացել է միանգամից 30 տոկոսով»,- տեղեկացուցած է մասնագէտը:

2016 Յունիս 5-ին Թեհրանի մէջ ստորագրուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան եւ Իրանի միջեւ քաղաքացիներու՝ առանց  մուտքի արտօնագիրի այցելութեան վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիրը, որուն մէջ կ’առաջարկուէր, որ այլեւս առանց վիզայի Հայաստանի քաղաքացիները կարենան Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն այցելել եւ փոխադարձաբար:

Բաբայեան յայտնեց, որ իրենք չունին տուեալներ այն մասին, թէ նոյն ժամանակաշրջանին քանի՞ Հայաստանի քաղաքացիներ այցելած են Իրան: