2015 Թուականի Կարեւոր Իրադարձութիւնները

«Մետիամաքս»-ը ամփոփած է 2015 թուականը` առանձնացնելով այն իրադարձութիւնները, որոնք ամէնէն շատ գրաւեցին հասարակութեան ուշադրութիւնը:

Տարուան մարդը` հայ զինուորը

Arm. 11 Jan. (2015 Tvagan)2Ինչպէս եւ 2014-ին, տարուան մարդը հայ զինուորն է, որ մարտական դիրքերուն վրայ կանգնելով` թոյլ կու տայ մեզի գրելու այս տողերը, իսկ ձեզի` ընթերցելու զանոնք: Ցաւօք, այս տարի եւս տասնեակ զոհեր ունեցանք եւ, ըստ երեւոյթին, իրավիճակը լարուած պիտի մնայ նաեւ 2016-ին:

 

 

Տարուան ցաւը` Աւետիսեաններու ընտանիքին սպանդը եւ իշխանութեան արձագանգը Arm. 11 Jan. (2015 Tvagan)3Տարին սկսաւ ողբերգութեամբ` Յունուար 12-ի առաւօտեան Գիւմրիի ռուսական ռազմակայանի զինծառայող Վալերի Պերմեակովը սպաննեց Աւետիսեաններու ընտանիքի վեց անդամները: Ընտանիքին ամենակրտսեր անդամը` 6-ամսական Սերիոժա Աւետիսեանը, տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց, սակայն քանի մը օր տեւած պայքարէն ետք բժիշկները չյաջողեցան փրկել փոքրիկին կեանքը: Պերմեակովը ձերբակալութիւնը ուղեկցուեցաւ Գիւմրիի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերով, որոնց մասնակիցները կը պահանջէին ռուս զինծառայողը յանձնել հայաստանեան արդարադատութեան: Երկրին մէջ պաշտօնապէս սուգ չյայտարարուեցաւ, սակայն մարդիկ Երեւանի եւ այլ քաղաքներու մէջ մոմավառութիւններ կազմակերպեցին` յարգանքի տուրք մատուցանելու Աւետիսեաններու ընտանիքին: Մարդոց զայրացուց ոչ միայն սահմռկեցուցիչ յանցագործութիւնը, այլեւ իշխանութիւններուն անկարողութիւնը ընկալելու կատարուածի ծանրութիւնը եւ համարժէք արձագանգ դրսեւորելու: Դեկտեմբեր 18-ին մեկնարկած եւ նոյն օրը մէկ ամիսով յետաձգուած Պերմեակովի դատավարութիւնը վկայեց, որ իշխանութիւնները այդպէս ալ չհասկցան, թէ ինչ պէտք է ընել մարդոց ցասումն ու հիասթափութիւնը քիչ մը մեղմելու համար:

Տարուան խորհուրդը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը

Arm. 11 Jan. (2015 Tvagan)4Arm. 11 Jan. (2015 Tvagan)52015-ը հայութեան հաւաքական յիշատակի եւ միասնականութեան տարի էր: Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկներ: Շարք մը երկիրներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ ճանչցան եւ դատապարտեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Հայ առաքելական եկեղեցին սրբադասեց ցեղասպանութեան զոհերը: Ապրիլ 24-ին Երեւան ժամանեցին Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Սերպիոյ եւ Կիպրոսի նախագահները, ինչպէս նաեւ քանի մը տասնեակ երկիրներու պատուիրակութիւններ:

Տարուան իրադարձութիւնը ` System օf a Down-ի համերգը Երեւանի մէջ

Arm. 11 Jan. (2015 Tvagan)6Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին նուիրուած System օf a Down  ռոք-խումբի «Արթնացուցէք ոգիները» խորագիրով համաշխարհային համերգաշարի վերջին կանգառը Ապրիլ 23-ին Երեւան էր: Հանրապետութեան հրապարակը դեռ կէսօրէն բազմամարդ էր: Այդ երեկոյ երիտասարդ տղաներով ու աղջիկներով ողողուած հրապարակը յորդ անձրեւին տակ քանի մը ժամ շարունակ ռոքի միջոցով համայն աշխարհին ուղարկեց ցեղասպանութիւն վերապրած հայ ժողովուրդին ուղերձը` մենք կանք ու պիտի ըլլանք: Ինչպէս բեմէն գոռաց Տարոն Մալաքեանը` «Սա ոչ թէ սովորական ռոք-համերգ էր, այլ վրէժ անոնց դէմ, որոնք կը սպաննէին մեզ»:

Տարուան հանգուցալուծումը`Սարգսեան-Ծառուկեան հակամարտութիւնը

Arm. 11 Jan. (2015 Tvagan)7ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Փետրուար 12-ին ՀՀԿ խորհուրդի նիստին հանդէս եկաւ ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի աննախադէպ կոշտ քննադատութեամբ: Ան, մասնաւորապէս, ըսաւ, թէ «Գագիկ Ծառուկեան քաղաքական դերակատարը մեր երկրին համար դարձած է չարիք»:
Գագիկ Ծառուկեան ի պատասխան յայտարարեց, որ ծանօթացած է «այդ մարդ» ելոյթին եւ մի շարք մեղադրանքներ հնչեցուց, օրինակ, «պիզնեսը ահաբեկչութեան ենթարկելու» մասին: ԲՀԿ առաջնորդը նկատեց նաեւ, որ «այդ մարդը չխօսեցաւ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ Նազարպաեւը կը նուաստացնէր եւ կը ստորացնէր զինք»:
Քանի մը օր անց, սակայն, ՀՀԿ ներկայացուցիչներուն կողմէ բազմաթիւ հրապարակային նուաստացումներու եւ ստորացումներու արժանացած Ծառուկեան յայտարարեց, որ կը հեռանայ քաղաքականութենէն, իսկ ԲՀԿ-ն փաստացի հրաժարեցաւ իր ընդդիմադիր կեցուածքէն:

Տարուան նախաձեռնութիւնը` «100 կեանք» նախագիծը
Arm. 11 Jan. (2015 Tvagan)8Մարտ 10-ին Նիւ Եորքի մէջ գործարկուեցաւ «100 կեանք» նախաձեռնութիւնը եւ յայտարարուեցաւ «Աւրորա» միջազգային մարդասիրական մրցանակի հիմնադրման մասին: Նախաձեռնութիւնը կոչուած է երախտիքի տուրք մատուցանելու այն անհատներուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք 100 տարի առաջ հերոսական ջանքերու գինով կը փրկէին հայերը: «100 կեանք»-ի  համահիմնադիրներն են յայտնի գործարարներ եւ բարերարներ Ռուբէն Վարդանեանն ու Նուպար Աֆէյեանը եւ Նիւ Եորքի Քարնեգի հիմնադրամի նախագահ Վարդան Գրեգորեանը:

2016 թուականի Ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ «Աւրորա» մրցանակի շնորհման առաջին արարողութիւնը` Ճորճ Քլունիի մասնակցութեամբ:

Տարուան հիւրերը` Քարտաշեան քոյրերն ու Քանիէ Ուէսթը

Arm. 11 Jan. (2015 Tvagan)9Ապրիլին ռէալիթի-շոուներու հայազգի աստղ Քիմ Քարտաշեան իր ամուսինին` ռեփըր Քանիէ Ուեսթի, դստեր` Նորթի, եւ քրոջ` Քլոէ Քարտաշեանի հետ առաջին անգամ ժամանեց նախնիներու հայրենիք: Հանրայայտ ընտանիքին Հայաստանի մէջ դիմաւորեցին աւելի ջերմ, քան կը սպասէին Քարտաշեանները: Այցի ընթացքին Քարտաշեան քոյրերը եղան Հայաստանի տեսարժան վայրեր, հանդիպեցան վարչապետին հետ, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ: Քոյրերը Հայաստանի մէջ յայտարարեցին, որ պիտի շարունակեն աշխոյժօրէն պայքարիլ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման համար եւ խոստացան հայերէն սորվիլ: Այցին վերջին օրը Քանիէ Ուեսթ Կարապի լիճին շուրջ անակնկալ կազմակերպեց չնախատեսուած համերգ, որուն ընթացքին ցատկեց լիճը` գրկախառնուելով իր հայաստանցի համակիրներուն հետ: Քարտաշեաններուն այցը շատ մեծ ուշադրութեան արժանացաւ միջազգային մամուլին կողմէ:

Տարուան բացայայտումը`  Փաթչ Ատըմս

Arm. 11 Jan. (2015 Tvagan)11Մայիսին IDeA հիմնադրամի հրաւէրով Երեւան ժամանեց Հանթըր Տոէրթի Ատըմսը, նոյն ինքը` Փաթչ Ատըմսը, որ ըլլալով բժշկական գիտութիւններու թեկնածու, մարդոց դեղերով չի բուժեր: Տարիներ առաջ բժշկական տարազի փոխարէն ան հագաւ ծաղրածուի հագուստն ու, ծիծաղով զինուած, մտաւ աշխարհի տարբեր հիւանդանոցներ:

Փաթչ Ատըմս եւ անոր խումբը այցելեցին Երեւանի, Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Դիլիջանի մանկատուներ ու մանկական հիւանդանոցներ, ուր «դոկտոր Ծիծաղի» մասին դեռ երկար կը յիշեն:

Տարուան կորուստը` Քըրք Քրքորեանի մահը

Arm. 11 Jan. (2015 Tvagan)12Յունիս 16-ին Լոս-Անճելըսի մէջ 98 տարեկանին մահացաւ ամերիկահայ յայտնի գործարար, բարերար Քըրք Քըրքորեան: Քըրքորեան կը սերէր Խարբերդէն Ֆրեզնօ գաղթած Ահարոն Գրիգորեանի ընտանիքէն: Ան բազմաթիւ բարեգործական ծրագիրներ իրականացուցած է Հայաստանի եւ հայութեան համար: 2004 թուականին, հայրենիքին մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն համար, Քըրք Քըրքորեան արժանացաւ Հայաստանի Ազգային հերոս կոչումին:

Տարուան ոգեւորութիւնն ու հիասթափութիւնը` #ElectricYerevan շարժումը

Arm. 11 Jan. (2015 Tvagan)13Յունիսին Երեւանի կեդրոնը վերածուեցաւ ելեկտրական մեծ լարում ունեցող հարթակի: Յունիս 19-էն «Ոչ թալանին» նախաձեռնութիւնը նստացոյց սկսած էր Ազատութեան հրապարակին վրայ` իշխանութիւններէն պահանջելով չեղեալ յայտարարել ելեկտրականութեան թանկացման որոշումը: Յունիս 22-ի երեկոյեան նստացոյցը տեղափոխուեցաւ Բաղրամեան պողոտայ: Յաջորդ օրը առտու կանուխ ոստիկանութիւնը, գործի դնելով ջրցան մեքենան, ցուցարարներէն «մաքրեց» Բաղրամեան պողոտան եւ Ազատութեան հրապարակը: Ոստիկանութեան ուժի կիրառումէն ետք յաջորդ օրը փողոց դուրս եկած քաղաքացիներուն թիւը բազմապատկուեցաւ: Ցոյցին մասնակիցները քանի մը օր շարունակ նստացոյց ըրին Բաղրամեան պողոտայի վրայ:

Չունենալով գործողութիւններու յստակ ծրագիր` Electric Yerevan անուանումը ստացած շարժման շարքերուն մէջ պառակտում սկսաւ: Ցուցարարներուն մէկ մասը մնաց Բաղրամեան պողոտայի վրայ, մէկ մասն ալ նախընտրեց պայքարը շարունակել Ազատութեան հրապարակի վրայ: Մեծ ոգեւորութեամբ սկսած պայքարի լարումը մարեցաւ եւ ոստիկանութիւնը առանց մեծ ջանքերու ազատեց Բաղրամեան պողոտան:

Ելեկտրականութիւնը ի վերջոյ թանկացաւ, բայց #ElectricYerevan-ը Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ մտաւ որպէս ամենաբարի եւ ամենաերիտասարդական շարժումներէն մէկը:

Տարուան նուաճումը` Shadowmatic խաղը

Arm. 11 Jan. (2015 Tvagan)14տարեսկիզբին հայկական Triada Studio-ն թողարկեց Shadowmatic խաղը` iPhone-ի եւ iPad-ի համար: Թողարկման պահուն անիկա յայտնուած էր գրեթէ բոլոր երկիրներու Apple Store-ի Editor’s Choice հատուածին մէջ, ինչ որ յառաջացուց ոչ միայն օգտատէրերու, այլեւ աշխարհի առաջատար լրատուամիջոցներու հետաքրքրութիւնը:

Ամրան Triada Studio-ն արժանացաւ Apple ընկերութեան ամէնամեայ Apple Design Awards մրցանակին, իսկ տարեվերջին «Տարուայ խաղ» ճանչցուեցաւ շարք մը երկիրներու, ներառեալ Ռուսիոյ, Ճափոնի, Չինաստանի, Հնդկաստանի մէջ:

Shadowmatic-ի մեծ յաջողութիւնը դարձաւ անկախ Հայաստանի «յաջողութեան պատմութիւններէն» մէկը եւ անշուշտ խթան պիտի հանդիսանայ շատ մը երիտասարդ IT-մասնագէտներու համար:

Արա Թադէւոսեան, Եկատերինա Պօղոսեան