Էդուարդ Նալպանտեան. «2015 թուականը բաւական խօսուն էր Հայաստանի եւ այլ երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւնէ»
«Հիմնաւորուած չեն այն պնդումները, թէ Հայաստանի`Եւրասիական տնտեսական միութեանն անդամակցութիւնը, խոչընդոտում է այլ երկրների հետ զարգացմանը»,- լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ՝ ըստ Panorama.am-ի՝ ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան` պատասխանելով հարցումին, թէ համաձա՞յն էք այն կարծիքներուն, պնդումներուն հետ, որ ԵՏՄ-ին անդամակցութիւնը Հայաստանը կը կողմնորոշէ մէկ ուղղութեամբ, կը խոչընդոտէ յարաբերութիւններու զարգացումին այլ երկիրներու հետ:
Նախարարին խօսքով, Հայաստան յայտարարած է, որ շահագրգիռ է շարունակելու համագործակցութիւնը այլ երկիրներու, կառոյցներու հետ` նկատի ունենալով Հայաստանի պարտաւորութիւնները ԵՏՄ-ի մէջ:
«Յոռետեսներին կ’ասէի, որ 2015 թուականը բաւականին խօսուն էր Հայաստանի յարաբերութիւնների զարգացման տեսանկիւնից ոչ միայն ԵՏՄ անդամ երկրների, այլ նաեւ այլ երկրների ու կառոյցների հետ»,- ընդգծած է նախարարը:
է. Նալպանտեան յիշեցուցած է, որ 2015-ին Հայաստանի նախագահը այցելած էր Չինաստան, ուր կնքուած էին տասնեակ պայմանագիրներ, ընդունուած է համատեղ հռչակագիր, ԱՄՆ-ի հետ կնքուած էր ներդրումներու խրախուսման եւ առեւտրային շրջանակային համաձայնագիր, ԱՄՆ-ը 2015-ին Հայաստանի մէջ կատարած էր ամենամեծ ներդրումը, 2015-ի Յունուարէն ԱՄՆ-ի հետ ուժի մէջ մտած էր վիզային օրէնքի դիւրացման համաձայնագիրը, Եւրոմիութեան հետ մեկնարկած էր բանակցութիւնները` նոր շրջանակային փաստաթուղթի ստորագրման նպատակով: Նախարարը նշած է, որ Հայաստան հաստատած, զարգացուցած, խորացուցած է յարաբերութիւնները շարք մը երկիրներու հետ, իսկ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ Հայաստան անդամակցելով ԵՏՄ-ին` նոր հեռանկարներ կը բանայ հայ-իրանական յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւնէ:
ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան խօսելով ԵԽԽՎ-ի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն մասին յայտարարած է, որ Ատրպէյճան, չկարենալով ԼՂ հիմնախնդրի բանակցային սեղանի շուրջ առաջ տանիլ «սեփական միակողմանի տեսակէտները», կը փորձէ մխիթարութիւն գտնել այլ ձեւաչափերու մէջ, ինչպիսին ԵԽԽՎ-ն է:
«Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնն է ասում, որ ԵԽԽՎ բանաձեւերն իրենց համար թղթի կտոր են: Այդ մասին նրանք յայտարարել են ամենաբարձր մակարդակով: Մենք չենք ասում նման բան, բայց, դրա հետ մէկտեղ, պէտք չէ ուռճացնել, չափազանցել այս կարգի բանաձեւերի նշանակութիւնը: Չեմ կարծում, որ նրանք, ովքեր դարձել են Ատրպէյճանի շահերի սպասարկողն ինչ-ինչ կառոյցներում, ովքեր երբեւէ չեն եղել Արցախում եւ անգամ քարտէզի վրայ չեն պատկերացնում, թէ որտեղ է գտնւում Արցախը, կարող են թելադրել միջազգային հանրութեանը` ինչպէս լուծել հիմնախնդիրը»,- նշած է նախարարը:
էդուարդ Նալպանտեան նկատած է, որ պաշտօնական Պաքուն կ’օգտագործէ այս բնոյթի բանաձեւերը, որպէսզի «ինքնիրեն բացատրութիւն տայ, թէ ինչու չ’ընդառաջեր եռանախագահներու առաջարկած կարգաւորման սկզբունքներու հիման վրայ բանակցութիւններու շարունակութեան»:
ՀՀ ԱԳ ղեկավարը յիշեցուցած է, որ Եւրոպայի Խորհուրդի պաշտօնական դիրքորոշումը կը ներկայացնէ ոչ թէ ԵԽԽՎ-ն, այլ ԵԽ նախարարներու կոմիտէն, որ բազմաթիւ անգամներ իր աջակցութիւնը յայտնած է խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ ՄԽ եռանախագահներու ջանքերուն: