Det Danske Filminstitut-ը Պիտի Ցուցադրէ Երկու Ֆիլմ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Դեկտեմբեր 12-ին` ժամը 16:00-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս Det Danske Filminstitut-ը պիտի ցուցադրէ «Փրկութեան քարտէզ» վաւերագրական ֆիլմը, որ կը պատմէ հինգ միսիոներուհիներու եւ մարդասէրներու` Մարիա Ճաքըպսընի, Քարէն Եփփէի, Պոտիլ Պէորնի, Ալմա Եոհանսընի եւ Աննա Պիւլի մասին, որոնք փրկեցին եւ նոր կեանք տուին հազարաւոր հայ մանուկներու, որոնք որբացած էին Ցեղասպանութեան տարիներուն, կը յայտնէ «Հայերն այսօր»-ը:

Երկրորդը Ցեղասպանութեան պատմութիւնը խորհրդանշող եւ բոլորիս յայտնի ֆիլմերէն մէկն է «Նահապետը»: Ֆիլմը կը ներկայացնէ մարդու մը պատմութիւնը, որ Ցեղասպանութեան տարիներուն կորսնցնելով իր կինն ու երեխաները, կը փորձէ կրկին կառուցել իր կեանքը:

Դանիոյ եւ Նորվեգիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութենէն կը յայտնեն, որ մինչեւ Դեկտեմբեր 8, ցանկացողները կրնան ելէկտրոնային նամակներ ուղարկել folkedrab100@armembassy.dk հասցէով եւ ստանալ անվճար տոմսեր: