«fDi Magazine»-ը յօդուած հրապարակած է առաջին քրիստոնէական երկրի` Հայաստանի զբօսաշրջութեան վերաբերեալ

«Հայաստանը կը ձգտի օգտագործել իր հնագոյն ժառանգութիւնը, որ կը ներառէ եգիպտական բուրգերէն ալ աւելի հին քաղաքակրթութիւն, ինչպէս նաեւ գինեգործական հարուստ աւանդոյթները` առաջ մղելու զբօսաշրջութեան ոլորտը»: Այս մասին Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութեան մասին գրած է «Financial Times» խումբի «fDi Magazine» պարբերականը: «fDi Magazine» -ի գլխաւոր խմբագիր Քորթնի Ֆինգարը Հայաստանի մէջ հիւրընկալուած էր Դեկտեմբեր 1-2` Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի հրաւէրով:

«Երբ կը մտածենք հնագոյն վայրեր այցելութեան մասին, առաջինը կը մտաբերենք Աթէնքը, Հռոմն ու եգիպտական բուրգերը: Իսկ աշխարհի առաջին քրիստոնէական երկրի մասին, որ ունի վաղնջական քաղաքներէն մէկը, միանգամայն չենք յիշեր, որ Հայաստան կը ձգտի փոխել»,-“Արմէնփրէս”-ի փոխանցմամբ՝ գրած է Քորթնի Ֆինգարը:

Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղակայուած կառավարական շէնքի իր աշխատասենեակին մէջ վարչապետ Կարէն Կարապետեան «fDi Magazine»-ի գլխաւոր խմբագրին ներկայացուցած է Հայաստանի պատմական հարստութիւնները: «Մենք աշխարհի ամենահին այն քիչ ազգերէն ենք, որ ունինք պետականութիւն: Երեւանը 50 տարիով աւելի մեծ է, քան Հռոմը»,- նշած է վարչապետը եւ աւելցուցած, որ մենք առաջինը ընդունած ենք Քրիստոնէութիւնն ու գրած սեփական այբուբենով:

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կարէն Մկրտիչեան նկատած է. «Հայաստանն ունի զբօսաշրջային մեծ դրամագլուխ: Մենք ունինք մաքուր, պահպանուած բնութիւն, հիացմունք պատճառող մշակութային ու պատմական ժառանգութիւն, համեղ սնունդ, քոնեակ եւ գինի, ինչպէս նաեւ բացառիկ հոգեւոր տեսարժան վայրեր»:

Յօդուածագիրը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի գինեգործական հարուստ աւանդոյթներուն եւ յիշատակած այն փաստը, որ այստեղ` Արենիի քարանձաւին մէջ, յայտնաբերուած է աշխարհի հնագոյն գինեգործական հնձանը: Ան գրած է, որ, թէեւ Հայաստանը սկսած էր կատարելագործել քոնեակի արտադրութեան իր ունակութիւնները, բայց վերջին տարիներուն գինեգործութիւնը կրկին վերածնունդ կ’ապրի: