Հեղինակաւոր National Geographic ամսագիրը անդրադարձած է աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ գտնուող 10 երկրի, որոնք արժանի են աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներու այցելութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
Այդ երկիրներու շարքին ներառուած է նաեւ Հայաստանը, որուն վերաբերեալ լրագրող Թարա Իզապելա Պըրթըն կը գրէ.
«Չնայած, որ Հայաստանը շատերու մօտ կը մտազուգորդուի հակամարտութեան հետ, այնուհանդերձ`այս երկիրը այժմ խաղաղ ու ապահով վայր է` զարգացող զբօսաշրջային ենթակառուցուածքով: Այստեղ մասնաւորապէս զարգացած է գիւղական զբօսաշրջիկութիւնը, որ միտուած է գրաւելու երկրի` շատերուն համար անյայտ բնական ու ճարտարապետական գեղեցկութիւնները փնտռող արկածասէրները:
Քիչերը գիտեն, որ Հայաստանը քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունած աշխարհի առաջին երկիրն է: Անոր հնագոյն եկեղեցիները, որոնք բազմած են զմրուխտեայ կանաչի մէջ, թաղուած կիրճերու եւ լեռնալանջերու վրայ, աշխարհի ամենալաւ պահպանուած նմուշներէն են: Գեղարդի ժայռափոր վանքին քարէ առիւծներն ու Սանահինի նրբակերտ խաչքարերը կանգնած են իբրեւ աշխարհի ամենահին, սակայն աշխարհին քիչ յայտնի քաղաքակրթութիւններէն մէկուն ստեղծագործ ուժի լուռ վկաներ»:
Պըրթըն ընթերցողներուն նաեւ խորհուրդ կու տայ Հայաստան այցելելու պարագային անպայման երթալ Սիւնիքի մարզ ու զմայլուիլ այնտեղի հրաշալի բնութեամբ, առատ կանաչով, հնագոյն քարանձաւներով եւ, ի հարկէ, Տաթեւի վանքով:
Նշենք, որ Հայաստանէն բացի` աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներու այցելութեան արժանի երկիրներու ցանկին մէջ ներառուած են Նիքարակուան, Իրանը, Նեփալը, Քոսովոն, Ուզպեքիստանը, Ալպանիան, Վրաստանը, Թունուզը եւ Արեւելեան Թիմորը: