National Geographic-ը պիտի ուսումնասիրէ Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հնարաւորութիւնը

«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) բարեգործական հիմնադրամը եւ National Geographic Partners (NGP) ընկերութիւնը ստորագրած են փոխըմբռնման յուշագիր` Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտի կայուն զարգացման հնարաւորութիւններու նախնական ուսումնասիրութիւն իրականացնելու վերաբերեալ, կը հաղորդէ panarmenian.net-ը:

Նախնական ուսումնասիրութիւնը պիտի ներառէ Հայաստանի մշակութային եւ բնութեան գրաւչութիւններու ներուժի զարգացման ուղղուած խորհրդատուութիւններ` հիմնուած կայուն զբօսաշրջութեան երեք հիմնասիւնի վրայ:

2016-ի Ապրիլի վերջը National Geographic Traveler ամսագրի խմբագիր Կոսթաս Քրիսթը պիտի այցելէ Հայաստան` National Geographic-ի անունէն զբօսաշրջութեան զարգացման նախնական գնահատումը իրականացնելու համար:

Կոսթաս Քրիսթը կայուն զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ աշխարհի առաջատար մասնագէտներէն է: Ան կ’աշխատի National Geographic-ի զբօսաշրջային խումբի հետ, որուն հետ հանդէս կու գայ որպէս կայուն զբօսաշրջութեան եւ National Geographic Unique Lodges of the World ցանցի արտերկրի հաշուեքննութեան ղեկավար:

Հայաստան կատարելիք հետազօտական այցի ծիրէն ներս Քրիսթը պիտի հանդիպի Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներու, համայնքներու առաջնորդներու, գործարարներու եւ զբօսաշրջային գործակալութիւններու հետ` գնահատելու Հայաստանի մէջ կայուն զբօսաշրջութեան զարգացման այնպիսի հնարաւորութիւններ, որոնք պիտի ապահովեն երկրի տնտեսական աճը` միաժամանակ երաշխաւորելով բնութեան եւ հարուստ մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւն ու անոնց փոխանցումը գալիք սերունդներուն:

Սերտ աշխատելով IDeA հիմնադրամի հետ` Քրիսթը կայուն զբօսաշրջութեան սկզբունքներու եւ փորձի համաշխարհային չափանիշներու վրայ հիմնուած խորհրդատուութիւն պիտի տրամադրէ:

«Հայաստանը գեղեցիկ երկիր է, որ կրնայ հպարտ ըլլալ իր հարուստ մշակութային ժառանգութեամբ: Այդ ժառանգութիւնը պահպանելը եւ շրջակայ միջավայրի մասին հոգ տանիլը առանցքային նշանակութիւն ունի Հայաստանի կայուն զբօսաշրջութեան զարգացման ռազմավարութեան համար` հայաստանցիներու ընկերա-տնտեսական բարեկեցութիւնը ապահովելու տեսանկիւնէն: Շուտով պիտի սկսիմ աշխատելու հեռուն նայող կազմակերպութեան` IDeA հետ` Հայաստանը աշխարհին ներկայացնելու համար»,- ըսած է National Geographic Traveler ամսագրի խմբագիրը:

«Մենք կը սկսինք աշխատանքը National Geographic Partners ընկերութեան հետ: Մեր գործակցութեան շնորհիւ պիտի բացայայտուի Հայաստանը աշխարհին ներկայացնելու լաւագոյն միջոցները, որոնք պիտի ներառուին IDeA-ի Զբօսաշրջութեան զարգացման ռազմավարութեան մէջ»,- ըսած է IDeA հիմնադրամի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Էդգար Մանուկեանը: