Կը մտնենք Գանատայի 150-րդ տարեդարձի տարին:
Այս օրհնեալ երկրին բազմազգ ժողովուրդն ու կառավարութիւնը արդար խանդավառութեամբ կը պատրաստուին տօնակատարել այս հանգրուանը այլազան ձեռնարկութիւններով: Մենք եւս, պատրաստ ենք մեր լուման ներմուծել 150-րդ տարեդարձի նշումներուն, յաջորդաբար «Ապագայ» շաբաթաթերին մէջ զետեղելով այս գեղեցիկ եւ հիւրընկալ երկրին 150 տարիներու պատմութենէն ու իրագործումներէն հանգրուան մը, երեք լեզուներով, որպէս մեր երախտագիտութեան դոյզն արտայայտութիւնը:
2010-ին կատարուած մարդահամար մը կը յայտնաբերէ թէ մինչեւ այդ թուականը Գանատա ներգաղթած ապրող բնակիչներու թիւը 6,775,800 է, որ կը ներկայացնէ ընդհանուր բնակչութեան 20.6 %-ը, եւ որ ամենաբարձր համեմատութիւնն է G8 երկիրներու մէջ: Ներգաղթածներու մեծագոյն մասը Միջին Արեւելքէն են: Տասը ներգաղթողներէն եօթը բնակութիւն հաստատած է Թորոնթոյի, Մոնթրէալի եւ Վանգուվըրի մէջ: Ներգաղթած հայերու թիւը մօտ 65,000 է, որոնցմէ մօտ 30 հազարականը Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ հաստատուած են, իսկ մնացեալ 5,000-ը ցրուած են երկրին այլ քաղաքներու մէջ:
Ու առանց դադարի կը շարունակուի ներգաղթի հոսքը դէպի այս լայնատարած երկիրը, ուր ամենատարբեր կեանքի պայմաններէ եկողներ, քիչ բացառութեամբ, արագօրէն կը վարժուին երկրին օրէնքներուն, կարգ ու կանոնին, ապրելակերպին, կլիմային եւ տարբերութիւնները յարգելու պարտաւորութեան, նոյնիսկ ի գին որոշ չափով զիջելու իրենց ազգային առանձնայատկութիւններէն: Արդար ըլլալու համար, շեշտենք թէ պետական ճնշում չկայ հրաժարելու ապրելակերպի եւ մշակոյթի տարբերութիւններէն. ընդհակառակը՝ պետութիւնը կը հանդուրժէ եւ կ’օժանդակէ մշակութային այլազանութեան պահպանման:
Գանատայի աշխարհագրական տարածքը (մօտ 10 միլիոն քառակուսի քիլոմեթր), աշխարհի երրորդն է իր մեծութեամբ, առաջինը ըլլալով Ռուսիան (17 միլիոն) եւ երկրորդը՝ Հարաւային Բեւեռի (Antarctic – 14 միլիոն քառ.քմ.) ցամաքամասը: Ուրեմն, նոյնիսկ նկատի ունենալով Գանատայի հիւսիսային կէսէն աւելին որպէս անբնակելի սառնամանիք, տակաւին երկար ժամանակ Գանատան կրնայ գաղթականներ ընդունիլ առանց յագենալու:
«Ապագայ»