Ցեղասպանութեան 100 ամեակին առթիւ, նպատակին ծառայող, ամենայաջող ու աննախընթաց աշխատանքներէն մին եղաւ «Գազանը լուսնին վրայ» ներկայացումը, սակայն այս անգամ ֆրանսերէն լեզուով «Une bête sur la lune»ը, մասնաւորաբար ֆրանսախօս համայնքին համար, յաջորդաբար 17 Հոկտեմբեր՝ Salle Emile Legault 24-25 Հոկտեմբեր Gesù-ի թատերասրահներուն մէջ:
8 անգամ բեմադրուած՝ Նանսի Իսսա Թորոսեանի կողմէ եւ նախաձեռնութեամբ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան, «Հայ Բեմ» թատերախումբը եկաւ անգամ մը եւս կատարելու իր ազգային առաքելութիւնը:
Նախապէս, քանիցս, հպարտութեամբ անդրադարձանք դերակատարներու բացառիկ բացառիկ ելոյթներու առիթներով: Խօսեցանք Արտէն Արաբեանի՝ (Արամ Թոմասեան) ճկուն խաղարկութեան, Վիգէն Ֆռունճեանի՝ դիւրահաղորդ խօսակցութեան ու յստակ առոգանութեան մասին (Mr. Vincent) : Յիշեցինք պատանի Թոմա Շահպազեանը (10 տարեկան) ջութակի լարային հմայքով (յոտնկայս ծափահարութիւն), Յասմիկ Գասպարեանը իր մագնիսացնող ու թովիչ ձայնով ու Արաքսի Արմէնեանը իր… խօսուն լռութեամբ ու դէմքի արտայայտութիւններով: Յայտնութիւն մըն էր Ակուսթէն Աբարտեանը (Vincent) իր վարժ ու համոզիչ կատարումով: Մանաւանդ այն հոյլ մը հաւատարիմ արուեստասէրները, որոնք համեստաբար, վարագոյրին ետին, անթերի կերպով կատարեցին իրենց վստահուած խստապահանջ պարտականութիւնը:
Սակայն այս բոլոր անուններէն անջատեցինք ամենաաչքառու յայտնութիւնը՝ Մեղեդի Աղուրեանի (Սեդա) խաղարկութիւնը: Բարդ ու խրթին դեր մը: Մարտահրաւէր մը Մեղեդիի համար: Ան պէտք է ներկայանար, նախ՝ իբրեւ դեռատի անմեղ աղջնակը, որ կը կրէ մանկութեան՝ ջարդի վէրքերը, եւ ապա հասուն տիկինը՝ ամուսնոյն երբեմն հնազանդ, սակայն այլեւս այդ հին ցաւերէն ձերբազատուիլ փափաքող, աւելի իրատես նոր սերունդը: Եւ Մեղեդին տուաւ այդ հակադրող նկարագիրը, ամենայաջող կերպով:
Թատերական լեզուական արտայայտութիւնները հարազատ էին: Թրքական ոճիրին հանդէպ եղած պոռթկումները՝ յստակօրէն նետուած էին հանդիսատեսներուն երեսին.- «բոլոր հայերը որբե՞ր են» .- խօսքը՝ սուր դանակի նման կ’իջնէր ֆրանսախօս ներկաներուն սիրտերուն վրայ:
Ահաւասիկ ներկայացում մը իր խորիմաստ նիւթով: Որքան աւելի տեսնես, այնքան աւելի կը վայելես, ու միշտ, անգամ մը աւելի երեւան կը հանես նոր գոյն մը անոր խայտաբղէտ գեղեցկութենէն:
Պերճ Գոգորեան
Photo Credit: Ara Samson