Ատոմ Էգոյեան. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը օրինակ դարձած է Հոլոքոսթի hամար»

Հանրայայտ բեմադրիչ Ատոմ Էգոյեանի վերջին ֆիլմը` «Remember», ցուցադրուած է Մոնթրէալի «Festival du Nouveau Cinéma»ամենամեայ կինոփառատօնի ծիրէն ներս:

Ֆիլմի գլխաւոր հերոսը հրեայ է, որ վերապրած է Հոլոքոսթը ու շատ տարիներ անց գտած է համակենտրոնացման ճամբարի նախկին հսկիչը, որ սպաննած էր իր ամբողջ ընտանիքը:

Էգոյեանի խօսքով, իր ֆիլմը կը բարձրացնէ յիշողութեան ու արդարութեան, նաեւ չբացայայտուած պատմութեան հարցը, կը յայտնէ News.am-ը՝ վկայակոչելով thelinknewspaper-ը: Ըլլալով հայ, Էգոյեան զանգուածային սպանութիւններու մասին այս ֆիլմի թեմային կը վերաբերի որպէս չբացայայտուած հարցի, քանի որ Հայոց Ցեղասպանութեան ոճրագործները այդպէս ալ չեն ընդունած իրենց մեղքը, ու Թուրքիոյ կառավարութիւնը դեռ չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Բեմադրիչը կը համարէ, որ այս ֆիլմով ինքը իր սեփական տեսակէտը կը ներկայացնէ պատմութեան վերաբերեալ, բայց միաժամանակ կը հասկնայ «թէ յատկապէս որ յամառութիւնը յանգեցուցած է Հոլոքոսթի»:

Էգոյեան կը հպարտանայ, որ կաթոլիկ եկեղեցին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, թէեւ ան աւելի շատ ուրախ է, որ Գերմանիան ու Աւստրիան խոստովանած են, որ իրենք նոյնպէս դերակատարութիւն ունեցած են այդ իրադարձութիւններուն մէջ: «Այս տարի շարք  մը արտակարգ իրադարձութիւններ եղած են: Մարդիկ սկսած են հասկնալ, որ ցեղասպանութիւնը (Հայոց Ցեղասպանութիւնը-խմբ.) օրինակ դարձած է այն ամէնուն համար, ինչ որ կատարուած է անկէ ետք»,- կը համարէ Էգոյեան: