ԼՂՀ վարչապետ. «Արցախի Ձեռքբերումներուն Զգալի Մասը Պայմանաւորուած Է Սփիւռքահայութեան Գործօն Մասնակցութեամբ»

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Սեպտեմբեր 15-ին ընդունած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի խումբ մը բարերարներ, որոնք ճանաչողական այցով ժամանած են Արցախ:

ԱՀ կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի փոխանցմամբ` վարչապետը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն  յայտնած է ներկաներուն Արցախի հանդէպ ցուցաբերուող մշտական ուշադրութեան համար: Արայիկ Յարութիւնեան համառօտ ներկայացուցած է հանրապետութեան կենսագործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները. մասնաւորապէս` անդրադարձ  կատարած է ժողովրդագրութեան բնագաւառին մէջ արձանագրուած յաջողութիւններուն, ներկայացուցած է Արցախի մէջ իրականացուող տնտեսական հիմնական նախագիծերը:

«Մեր ունեցած ձեռքբերումների զգալի մասը նշանակալիօրէն պայմանաւորուած է սփիւռքահայութեան գործուն մասնակցութեամբ: Արցախի զարգացման գրեթէ բոլոր ուղղութիւններում մեծ է յատկապէս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի դերը»,- նշած է վարչապետը` աւելցնելով, որ Արցախի մէջ իրականացուող իւրաքանչիւր ծրագիր միտուած է ապագային, եւ կատարուող աշխատանքները հաստատապէս պիտի ծառայեն սերունդներուն:

Գործադիր իշխանութեան ղեկավարը շեշտադրած է, որ, բացի ցուցաբերուող աջակցութենէն, Արցախի տնտեսութիւնը մեծ ներուժ ունի, որ կրնայ իրականացուիլ նաեւ սփիւռքահայութեան ներդրումներու միջոցով:«Հզօր հայրենիքի գոյութիւնը կախուած է նաեւ Սփիւռքի ակտիւ ներդրումներից, ինչը նոր թափ կը հաղորդի Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւնների տնտեսութիւնների զարգացմանը»,- ըսած է Ա. Յարութիւնեան:

Հանդիպման վերջաւորութեան Արցախի վարչապետը պատասխանած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի անդամներուն հետաքրքրող հարցերուն: