Ապրիլ 24-ին Ուլան Պադորի հայկական ակումբին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100–րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի հաւաք: Այս մասին, ըստ «Հայերն այսօր»-ի, յայտնած են Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանատունէն:
Արարողութեան մասնակցած են տեղի փոքրաթիւ հայերը, հայաստանեան համալսարաններու մոնկոլ շրջանաւարտները, հայ-մոնկոլական բարեկամութեան խումբի անդամները, ինչպէս նաեւ Մոնկոլիայի մշակոյթի գործիչներ, հիւրեր:
Ձեռնարկի սկիզբը՝ ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը: Այնուհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը խորհրդանշող անմոռուկներով ձեւաւորուած ակումբին մէջ տեղի ունեցած է ծաղիկներու զետեղման եւ խնկարկման արարողութիւն:
Համերգային կատարումներով հանդէս եկած են Հայաստանի երաժշտական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ իրենց ուսումը ստացած Մոնկոլիայի քաղաքացիները, որոնք կատարած են Կոմիտասի, Եկմալեանի հոգեւոր խմբերգերը:
Արարողութիւնը ամփոփուած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստավաւերագրական ֆիլմի ցուցադրումով, որուն յաջորդած է ընդունելութիւնը: