ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` ԳԻՏՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ ԸՆԿԵՐ ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՌԱԿեան Հարիւրամեակի Հարցազրոյցներու Շարքին

Հարցազրոյցը Վարեց` ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

 

Ներածական

20-րդ դարու երկրորդ կիսուն Գանատայի մէջ ստեղծուած քիչ թէ շատ բարենպաստ հիւրընկալ պայմաններուն շնորհիւ, Մոնթրէալի մէջ սկիզբ առաւ Միջին Արեւելքէն, ներգաղթի մեծ շարժում մը: Հիմը դրուեցաւ ազգային կառոյցներու` արուեստի ու մշակութային կեդրոններու, դպրոցաշինութեան աշխոյժ կեանքի, հրատարակութիւններու, մամուլի, ռատիօժամի, եւ վերջապէս տեղի ունեցաւ ազգային գործի աննախընթաց աշխուժացում, որ դարավերջին արդէն իսկ յանգած էր անուրանալի նուաճումներու:

Սերտօրէն կապուած ըլլալով ժամանակի հասարակական, քաղաքական, ընկերային, ազգային, մշակութային ու գիտական կեանքին հետ, այդ ընդհանուր աշխուժացումէն մեկնելով, ապա հետագայ յառաջընթաց զարգացումներուն անմասն չմնալով ՌԱԿ-ի նուիրեալ գիտական մտքի տէր մեր ղեկավարը` Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան մեծ ջանքերու գնով հիմնադրեց, ստեղծագործեց եւ վերջապէս կազմակերպեց այնպիսի կառոյցներ, որոնք հայ կեանքի եւ յաջորդող սերունդներու գոյատեւումը կ’ապահովէին:

1970-ականներէն ետք, արդէն իսկ կարելի էր գանատահայութեան “նոր շրջանը” եզրը գործածել: Ժամանակաշրջան մը, ուր գոյացած իրագործումներուն շնորհիւ, առաջքը առնուեցաւ հայու գլխուն վերեւ ճօճուող դամոկլեան սուրին` անխուսափելի ձուլումին, եւ լուծում գտնուեցաւ հայ ազգային հասարակական-քաղաքական-կրթական ու մշակութային կեանքին առջեւ ծառացած շարք մը կարեւորագոյն խնդիրներու:

Ճիշդ է, սկզբնական շրջանին ազգային կեանքի վերականգնումը տեղի կ’ունենար, խոչընդոտներու եւ մեծ դժուարութիւններու յաղթահարման ճանապարհով, բայց եւ այնպէս ան քայլ առ քայլ կը յառաջանայ իրագործելու համար իր նպատակները յանուն ազգային գերագոյն շահերուն:

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի հետ ներկայ հարցազրոյցով մենք կը փափաքէինք հետամուտ ըլլալ Գանատայի մէջ ազգային կեանքի վերականգման գործընթացին ու հոլովոյթին: Առանց անոր լուսաբանման, անհնար է հասկնալ ու ըմբռնել, 20-րդ դարու երկրորդ կէսին իրագործուած` Գանատա, Սփիւռք եւ Հայաստան բազմաթիւ անուրանալի ազգային նուաճումները:

 

Ա. ՄԱՍ

Հ.- Առիթով մը հաճոյքով ընթերցած էի ձեր հարցազրոյցը ընկ. Վարդիվառեանի ՙՀանդիպումներ՚ շարքին մէջ, ուր նկարագրած էիք, թէ ինչպէս դեռ վաղ  պատանի տարիքին համակուած էիք ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի իտէալական գաղափարներով: Ի՞նչ բան ձեզ առինքնեց միանալու ՌԱԿ-ի շարքերը:

Պ.- Եգիպտոս, Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ ծնած ըլլալով, պատանեկութեան եւ վաղ երիտասարդութեան տարիներս հոն անցուցած եմ: Հետեւաբար ոչ միայն ազգային եռուն կեանքի մը մասնիկը եղած, այլեւ ականատեսը եղած եմ 1946-ին դէպի Հայաստան ներգաղթի պատմական իրադարձութեան, ինչպէս նաեւ 1954-56 Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնայ դէմ եկեղեցական տագնապներու տխուր դէպքերու յաջորդականութեան:

Հակառակ այն իրողութեան, որ մեր ընտանիքը կը պատկանէր բարձր-միջին դասակարգին, սեփականատէրն էինք մեր տան ու հօրս գործատան, սակայն հայրս ոգի ի բռին խանդավառուած էր ցանկութեամբը ներգաղթելու հայրենիք: Հետեւաբար 1946-ին ամբողջ ունեցուածքը ծախու հանեց, կենսական առարկաները սնտուկներու մէջ տեղադրեց ու բոլորս համոզուած այդ գաղափարին, ամէն օր նաւը կը սպասէինք, որ մեզ պիտի տանէր դէպի հայուն վերջնական հանգրուանը Հայաստան դրախտավայրը…:

Ամիսներ շարունակ մենք այդ կապուած սնտուկներուն վրայ պառկեցանք` նաւը սպասելու երազանքով: Հօրս թէ մեր ՙչար՚ բախտէն, վրայ հասաւ Քոլէրաի համաճարակը եւ Եգիպտոսէն դէպի Հայաստան ներգաղթը զանց առնուեցաւ: Այդ սնտուկները դեռ երկար ժամանակ կապուած ու գոց մնացին, մինչեւ որ հայրս համակերպեցաւ այդ դաժան իրականութեան եւ մենք սկիզբ տուինք մեր ՙնոր՚ կեանքին Եգիպտոսի մէջ, մինչ անդին` Հայաստան Համաշխարհային 2րդ պատերազմէն դուրս նոր ելած կը վերածաղկէր ու կը դառնար գեղեցկացած նոր իրականութիւն մը:

Այս շրջանին էր, որ աւելի եւս սաստկացաւ եկեղեցական պայքարը, Անթիլիասի տխուր հերձուածը, որուն զուգահեռ կը տարուէր ամենատխուրը` պայքար Խորհրդային Հայաստանի դէմ:

Մենք բնականաբար տան մէջ կը ստանայինք հայաստանամէտ Ռամկավար մամուլի թերթեր, որոնք շատ հարազատ էին մեզի, յատկապէս ինծի համար որպէս շրջանաւարտս Հայկազեան վարժարանէն, որ սեփական վարժարան մըն էր: Հիմնադիրը` Տէր Հայկազուն քհնյ. Ոսկերիչեան, հայրենասէր ու Սորպոն աւարտած զարգացած կղերական մը, բացառիկ անձնաւորութիւն մըն էր, որ յաջողած էր մեր պատանեկան մտային հորիզոնը ճոխացնել հայրենիքի եւ մայր եկեղեցւոյ Էջմիածնի նկատմամբ անբիծ սկզբունքներով եւ գիտելիքներով:

Հայկական դաստիարակութիւնս կը պարտիմ նոյնքան մեր տան մթնոլորտին եւ Հայկազեան վարժարանին: Այս հարցերուն նկատմամբ իմ բծախնդիր եւ արդար կեցուածքս աւելի եւս կազմաւորուած էր մեր տունէն անբաժան ՙԱրեւ՚ թերթի ընթերցումներովս: Հետեւաբար ան համարեա կը նոյնանար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գաղափարախօսութեան հետ, եւ մինչեւ այսօր ալ կը մնայ անփոփոխ:

Նոյնպէս զիս ճանչցողները նկատած պէտք է ըլլան թէ գիտական կրթութեանս հետեւանքով, հիմնական սկզբունքներ յարգելու սովորութիւնս կը դրսեւորէ իմ կեցուածքս նաեւ ազգային հարցերու նկատմամբ:

Աղեքսանդրիոյ մէջ, Տիգրան Երկաթ Մշակութային Միութիւնը մեր երկրորդ տունը կը նկատէինք: Ան համազօր է մեր այստեղի Թէքէեան Մշակութային Միութեան որպէս Ռամկավար Ազատական գաղափարախօսութեան ջահակիր, անոր մթնոլորտը բնականաբար հայաստանամէտ էր եւ կը ջատագովէր Հայաստանի եւ Ս. Էջմիածնայ պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը: Մենք երիտասարդներս բնականաբար մաս կը կազմէինք այդ մթնոլորտին եւ պատրաստ էինք պարտականութիւններ ստանձնելու յանուն այդ գաղափարախօսութեան:

Այդ շրջանին է որ ինչպէս արդէն ըսի սկսաւ եւ սաստկացաւ Անթիլիասական հերձուածին ստեղծած եկեղեցական մեծ տագնապը որ կը ցնցէր ամբողջ Հայ ժողովուրդը:

Նոյն այդ օրերուն 1955-56 շրջանին, ժամանակն էր Եգիպտահայ գաղութի թեմին թեմական ընտրութիւններու կայացման: Եգիպտոսի թեմը գլխաւոր թիրախն էր Հ.Յ.Դ.-եան: Պէտք էր ամէն գնով յաջողիլ Եգիպտոսի թեմը փրկել հերձուածէն: Ռամկավար կուսակցութիւնը եւ Տիգրան Երկաթի շրջանակը եւ հետեւաբար ես եւս իմ կարգիս ստանձնեցինք մեծ պայքարին պատասխանատուութիւնը: Եգիպտոսի թեմին եւ համայնքին կանոնագրին համաձայն, ամէն անձ որ կը պատկանի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ իրաւասու է մասնակցելու ընտրութեանց: Ահա այս պայմաններուն տակ բոլորս աննախընթաց տենդով լծուեցանք ճակատագրական այս ընտրութեանց աշխատանքին: Դժուար է թերեւս պատկերացնել թէ ինծի նման գերազանց ուսանող մը երկրորդ շարքի թողած նոյնիսկ քննութեանց պատրաստութեան աշխատանքներս, շրջան առ շրջան կ’այցելէի եւ իմ կարգիս կը համոզէի ընտրողները որպէսզի ճիշդ ընտրութիւն կատարեն, ի նպաստ հայրենիքին եւ Ս. Էջմիածնայ հաւատարիմ կողմին:

Այս բոլորին որպէս արդիւնք քուէներու 45 ձայնի տարբերութեամբ միայն ապահովեցինք թեմական պատմական յաղթանակ մը եւ այդպիսով պատնէշ դրուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ բաժանման առաջնորդող հոսանքին դէմ:

Ահա վստահաբար այս յաղթական պայքարին մասնակցելով է որ վերջնականապէս մկրտուեցայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հայրենասիրական գաղափարականով:

 

Հ.- Յայտնի ո՛ր ղեկավարներն էին ձեզ ոգեւորող ու ազգային գաղափարական առումով ներշնչման աղբիւր հանդիսացող:

Պ.- Աղեքսանդրիոյ մեր շրջանակին մէջ իրենց իւրայատուկ դրոշմը ձգած են հանրայայտ իշխող ղեկավարներէն` Էօժէն Բաբազեանի, Ալեքսանդր Սարուխանի, Համբարձում Գարայեանի, Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեանի նման կշիռ ունեցող անհատականութիւններ: Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեանի նման բանիմաց իրաւաբանի մը հիմնաւորուած պատճառաբանութիւններով ու տրամաբանութեամբ դաստիարակութիւն ստացած սերունդ մը եղանք մենք: Ազգային պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ օժտուած ձեւաւորեցինք մեր հաւատամքին ուղղութիւնը: Որպէս յիշատակի պատկեր կ’ուզեմ յիշել թէ երբ մեր ճիգերուն շնորհիւ վերեւը յիշուած թեմական յաղթանակը ապահովեցինք, Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեանը մեր ուսերուն վրայ առած՝ առաջնորդեցինք Տիգրան Երկաթի յաղթական մեծ հաւաքին: Այսպիսի մթնոլորտի մէջ թրծուած ու հասակ առած ըլլալով է որ գաղափարական տեսակէտներս հարստացուցած էի, եւ այդպէս ալ մի քանի տարի ետք մուտք գործեցի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շրջանակէն ներս, որպէս երդուեալ կուսակցական:

Ի դէպ երկար ատեն զիս շատ կ’անհանգստացնէր այն երեւոյթը, որ նշմարած էի թէ յաչս անկուսակցականներու մեր շրջապատէն ներս կար մի քիչ շուքի մէջ կենալու կեցուածք մը : Հակառակ որ Ռամկավար կուսակցականներն էին, որ ամենածանր գործունէութիւնը կը ծաւալէին, սակայն անոնք միշտ կը նախընտրէին ետին մնալ: Այդպէս նոյնիսկ ընտրութիւններու արշաւի ընթացքին իրենց անունները չէին երեւար ընտրացանկին վրայ: Այս կեցուածքը անարդար կը նկատէի, որովհետեւ կը հաւատայի, թէ արդար էր որ գործը ղեկավարողները առաջնագիծի վրայ իրենց տեղը ունենային: Տարիներ ետք, երբ Գանատա եկայ ու հանդիպեցայ այդ նոյն մտայնութեան հակուած ազգայիններու որոնք կուզէին նոյն կեցուածքը պարտադրել նաեւ Գանատայի նորակազմ գաղութին մէջ, յայտնեցի առանց այլ եւ այլի թէ անընդունելի էր այդ կեցուածքը: Երբ պարագաներու բերմամբ ստանձնեցի Գանատահայ գաղութին մէջ բազմաթիւ ղեկավար պատասխանատուութիւններ, բացայայտ կերպով պահանջեցի որ իւրաքանչիւրը իր արդար դիրքը ունենայ, կուսակցական կամ ոչ, համաձայն իր բերած աշխատանքին:

 

Հ.- Ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ ճիշդ ժամանակը ներկայացաւ կուսակցութեանս դրօշին վրայ ձեր ուխտը կատարելու:

Համալսարանաւարտ ըլլալէս ետք շատ յաճախ մեր ազգային կեանքին մէջ դէմ յանդիման կը գտնուէի հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու, որոնք նոյն հարցը կու տային թէ ինչո՞ւ կուսակցական չեմ եղած տակաւին: Մինչ Ֆիլատելֆիա քաղաքի University of Pensilvania համալսարանի մէջ մասնագիտական ուսմանս կը հետեւէի, նոյն շրջանին պատահեցաւ որ Ամերիկա հաստատուեցան նաեւ մեր շատ սիրելի Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեանն ու Երուանդ Ազատեանը: Դոկտորականիս տիրանալէ ետք, թէեւ համալսարանին իսկ կարգադրութեամբ պիտի մնայի Ֆիլատելֆիա, սակայն վիզայի օրէնքով պարտաւոր էի դուրս գալ Ամերիկայէն օրինական թուղթերու հարցով: Ակնյայտօրէն ամենակարճ ճամբան ժամանակաւոր կերպով Գանատա գալս էր…, սակայն ճակատագիրը տարբեր էր… այստեղ ծանօթացայ կնոջս ու ամուսնութիւն կնքեցինք եւ ժամանակաւորը եղաւ մշտական…: Այդ շրջանին էր, որ ընկ. Ազատեանը Պոսթըն հաստատուած ըլլալով, տարբեր առիթներով կը հանդիպէինք իրարու, եւ օր մըն ալ ամենայն լրջութեամբ ըսաւ ՙԿուսակցականէ աւելի կուսակցական գործունէութիւն կը ծաւալես, որոշէ- ներս պիտի մտնե՞ս, թէ դուրս պիտի մնաս՚: Գործնապէս ալ 1968-ին, հանգուցեալ Նուպար Ակիշեանի կնքահայրութեամբ եւ ընկ. Ազատեանի ձեռներէցութեամբ զիս ներս առին այն գաղափարական հսկայ դարպասէն որուն մինչեւ օրս աւելի քան կէս դարէ ի վեր անշահախնդրօրէն փարած եմ յանուն լաւագոյն կերպով մասնակցութիւնս բերելու ազգային մեր գերագոյն շահերու պաշտպանութեան աշխատանքին:

 

Հ.- Արշաւիր Կէօնճեան գիտնականը ինչպէ՞ս իր գիտական ասպարէզի կողքին ծաւալած է վիթխարի ազգային գործունէութիւն մը Գանատահայ գաղութին մէջ:

Պ.- Ինչպէ՞ս հարցումին` պատասխանս պէտք է ըլլայ «Ես ալ չեմ գիտեր»…:

Իրականութեան մէջ, ան հետեւանքն է նկարագրիս որուն պատճառաւ երբ կը տեսնեմ լուրջ կացութիւններ չեմ կրնար հանգիստս նախընտրելով ձեռնածալ մնա:

Նորմալ պայմաններու տակ ես պէտք էր դոկտորաս ստանալէ ետք Ամերիկա մնացած ըլլայի:

Այդ պարագային` հաւանաբար առաւելագոյնը փոքր չափով միայն առնչուած ըլլայի ազգային խնդիրներու հետ: Սակայն ինչպէս յիշեցինք վերեւը, պարագաները ստիպեցին որ ժամանակաւորապէս երթամ Գանատա սակայն ի վերջոյ մնացի այնտեղ: Եւ այդպէս էր որ սկսայ առնչուիլ Գանատայի գաղութին ինչպէս նաեւ աւելի լայնօրէն ազգային հարցերու հետ եւ ի վերջոյ իմ նկարագրիս պատճառաւ, բոլորովին խոր կերպով կլանուեցայ անոնցմով:

Ես յաճախ կ’ըսեմ թէ իմ պարագաս արտասովոր է եւ թէ չեմ ակնկալեր որ ուրիշներ կրկնեն իմ օրինակս: Դիւրին հասկնալի պատկերացում տալու համար ես կ’ըսեմ թէ անցնող տասնամեակներու գործունէութեանս չափը եւ երանգաւորումը այնպէս անբնական է որ կրնամ ըսել թէ ժամերս եւ տարիներս ապրած եմ նոյն ժամանակ, երեք կամ չորս անգամներ…: Նոյն ժամանակ ըլլալով համալսարանի փրոֆէսէօր եւ հետազօտող, եւ նաեւ ազգային երեք կամ չորս լրջագոյն աշխատանքներու եւ կազմակերպութիւններու գլխաւոր պատասխանատուն…

Ուրեմն պատասխանելու համար հարցումին, սկսինք նախ քիչ մը ետ երթալ, երբ 1961-1965 ժամանակահատուածին մէջ կ’ուսանէի Ֆիլատելֆիոյ Pensylvania համալսարանին մէջ, փոքրիկ ընկերային խումբ մը կազմած էինք այժմ հանգուցեալ Անթուան Պազարպաշեանին հետ: Տեղւոյն Ռամկավար ակումբի ատենապետն էր պատուական անձ մը, Պետրոս Սեմերճեան, անոր շուրջ կային հրաշալի հաւատաւոր պատուական ուրիշ աշխատողներ: Յաճախ Ֆիլատելֆիա կ’այցելէր նաեւ պատկառելի մտաւորական եւ ազգային ղեկավար Անդրանիկ Անդրէասեանը: Ահա այդ մթնոլորտին մէջ յաճախ կը հանդիպէինք եւ հաղորդակից էինք ազգային կեանքին: Ժամանակ մը ետք, օրինական թուղթերու եւ վիզայի պատճառաւ մեկնեցայ Գանատա եւ վերջնականապէս հաստատուեցայ այնտեղ: Ճիշդ այդ շըրջանին է որ Միջին Արեւելքի տարբեր շրջաններէն եւ յատկապէս` Յունաստանէն, Պոլիսէն եւ Եգիպտոսէն հազարաւոր ներգաղթողներու հոսք մը սկսած էր գալ դէպի Գանատա: Կարճ ժամանակուայ մէջ Գանատահայութիւնը բազմահոծ գաղութ մը կը դառնար: Սակայն այս գաղութը գրեթէ չունէր որեւէ ենթակառոյց: Պէտք էր ուրեմն ամբողջովին սկիզբէն ստեղծել ամբողջ այդ ենթակառոյցը: Նախապէս ներգաղթողներու փոքր խումբի մը ջանքերով հիմնուած ունէինք համեստ շէնք մը որ ծանօթ էր որպէս ՙՀայ Տուն՚: Տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող Մոնթրէալի ծուխը, Հ.Բ.Ը.Մ.ի նորակազմ վարչութիւնը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Էօժէն Բաբազեան ակումբը եւ Գահիրէէն եկած մեր բարեկամներուն նախաձեռնութեամբ ստեղծուած ՙՀայ Գեղարուեստասիրաց Միութիւն՚ը որ աւելի վերջ վերակոչեցինք ՙԹէքէեան Մ.Մ.՚ բոլորը խճողուած էին այդ ՙՀայ Տան՚ մէջ, տառացիօրէն վրայ վրայի կոխկրտելով ֆիզիքապէս հազիւ թէ տեղ գտնելով, իրենց ժողովները գումարելու համար:

Ահա այս նկատելով սկզբնաւորութիւն, պէտք է պատկերացնել թէ հազիւ եօթ ութ տարիներ ետք գաղութը օժտուեցաւ եկեղեցիով, դպրոցով, ակումբներով եւ թերթով: Իբրեւ հետեւանք` Մոնթրէալը եւ Գանատան դարձան սփիւռքի ամէնէն աշխոյժ եւ կարեւոր գործունէութիւնը դրսեւորող կեդրոններէն մէկը:

Այս բոլորին պատմութիւնը նոյնիսկ խտացած ձեւով շատ երկար եւ խրթին է տեղաւորել այս հարցազրոյցին մէջ:

Այստեղ այնքանով կրնամ ըսել թէ, դժուար թէ որեւէ մէկը վիճելի նկատէ թէ այս բոլորին մէջ ես ստանձնեցի կեդրոնական գլխաւոր ղեկավարութեան դերը, իմ կողքիս ունենալով բացառիկ նուիրեալ գործակիցներու յարաբերաբար փոքր խումբ մը:

Յատուկ եւ հաստատ կերպով կ’ուզեմ ստորագծել թէ այս արտակարգ յաջողութեան օգնող կար մէկ եւս կարեւոր ազդակ: Ինծի համար բացառիկ բախտ եւ առանձնաշնորհում մը եղաւ որ այս նոյն շրջանին պատեհութիւնը ստեղծուեցաւ անձնապէս ծանօթանալու եւ ապա իր իսկ նախաձեռնութեամբ գործակից եւ սրտակից դառնալու մեր մօտիկ անցեալի ամէնաարտակարգ անձնաւորութիւններէն մէկը հանդիսացող` Հ.Բ.Ը.Մ. եան հանգուցեալ ցկեանս նախագահ Ալեք Մանուկեանին: Արդարեւ Գանատահայ գաղութի ենթակառոյցին այնպէս արագ զարգացումը կարելի դարձաւ մանաւանդ այս մեծ հայուն ընձեռած նիւթական եւ բարոյական բացառիկ նեցուկին:

Կարճ ժամանակի մէջ Մոնթրէալի մէջ տիրացանք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին: Իրականացուցինք Գանատահայ առաջին հայ դպրոցը Հ.Բ.Ը.Մ. Ալեք Մանուկեան վարժարանը, Հ.Բ.Ը.Մ. ի եւ Թէքէեան Մ.Մ. եան գեղեցիկ կեդրոնները որոնք բոլորը խորհրդանշական կերպով կը կանգնին Մանուկեան փողոցի երկայնքին: Նոյնպէս հիմնեցինք Գանատայի առաջին հայ` եռալեզու թերթ ՙԱպագայ՚ն, եւ այլն:

Կարծեմ յաջորդ հարցումներուն մէջ յատուկ կերպով հարց կու տաք դպրոցաշինութեան եւ Թէքէեան կեդրոնին մասին, հետեւաբար այստեղ յատկապէս անդրադառնամ միայն Մոնթրէալի Մայր Տաճարին եւ Գանատահայոց թեմի ստեղծման պարագաներուն:

Մայր Տաճարի գնումը մեծ իրադարձութիւն մըն էր: Ան իրագործուեցաւ 1970-ին: Այդ շրջանին Գանատայի Առաջնորդական Փոխանորդ Վաչէ Եպիսկոպոս Յովսէփեանը նախաձեռնեց այդ գործը: Սակայն Մոնթրէալի ծուխը նիւթական անկարելիութեան առջեւ կը գտնուէր այդ օրերուն: Նոյնպէս այդ օրերուն տենդոտ աշխատանքի ձեռնարկած էի ես անձնապէս, համաձայնութեամբ Ալեք Մանուկեանին հիմնելու համար գանատահայ առաջին դպրոցը հանդիսանալիք Հ.Բ.Ը.Մ.ի ամէնօրեայ եռալեզու դպրոցը: Ահա այս բոլորը մէկտեղելով եւ իմ համոզիչ կրկնակի խնդրանքովս, նկատի ունենալով մեր դպրոցի ծրագիրը, Ալեք Մանուկեանի փրկարար նիւթական օժանդակութեամբ`, կրցանք գնել եկեղեցւոյ փառաւոր շէնքը իբրեւ Մայր Տաճար եւ օգտագործելով անոր կողքի շէնքին սենեակները, նոյն տարին 1970 ին որպէս պատմական իրագործում, հիմնեցինք Հ.Բ.Ը.Մ.ի վարժարանը: Մայր Տաճարի բարենորոգութեան աշխատանքներուն համար նաեւ անհրաժեշտ էր, եւ յաջողեցայ բերել նիւթական օժանդակութիւնը մեր Ռամկավար Ազատական պատուական ընկերներու: Յատկապէս ընկեր Գրիգոր Մազմանեանը Պոսթոնէն ընդառաջելով իմ խնդրանքին ստանձնեց եկեղեցւոյ կնքահայրութիւնը եւ Մայր Տաճար անուանուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար…:

Քանի մը տարիներ ետք է որ Գանատահայ գաղութը այնքան մը զարգացաւ որ Ամենայն Հայոց Հայրապետին Վազգէն Ա. ի կողմէ պահանջը զգացուեցաւ Գանատան բաժնելու մինչեւ այդ ժամանակ Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու կապուած հանգամանքէն: Այդ շրջանին սակայն ստեղծուեցաւ անիմաստ գաղութային սուր պայքար մը անջատ թեմի կազմութեան դէմ: Այս պայմաններու տակ է, որ հանգուցեալ Ամենայն Հայոց Հայրապետ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի անձնական խնդրանքով եւ օրուան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանի կարգադրութեամբ ստանձնեցի Գանատահայ թեմի կազմակերպման եւ ծրագիր կանոնագրի պատրաստութեան աշխատանքներու ատենապետութիւնը: Այսպէս 1984-ին պաշտօնապէս Գանատան հռչակուեցաւ առանձին Թեմ, Առաջնորդութեամբ Վազգէն Եպիսկոպոս Քէշիշեանի եւ ես ընտրուեցայ Թեմի առաջին ատենապետը: Այդ պաշտօնը վարեցի ութը տարի եւ 1992-ին երբ որոշեցի թէ պիտի չի շարունակէի այլեւս, Թեմը ինծի շնորհեց բացառիկ, Թեմական Խորհուրդի Պատուոյ Ատենապետի կոչումը:

Քանի որ պիտի հիմա անդրադառնամ նաեւ միւս իրագործումներուն, արդէն իսկ կարելի է պատկերացնել թէ քանի որ նոյն այս շրջանին արդէն իսկ գլխաւոր ղեկավարութիւնը ստանձնած էի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան որպէս անոր Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը, ինչպէս նաեւ արդէն իսկ երկար տարիներէ ի վեր` Ալեք Մանուկեանի իսկ փափաքով անդամ էի Հ.Բ.Ը.Մ.ի կեդրոնական Վարչական Ժողովին, բնականօրէն գերագոյն պատասխանատուութեան մակարդակով, առնչուած էի ամբողջ Գանատայի տարածքին կատարուող մեր ճակատին բոլոր կարեւոր գործունէութեանց հետ, Թորոնթոյէն մինչեւ Վանքուվըր…:

Այսքան պատասխանատուութիւն յանձն առնելը գերմարդկային կարելի է նկատել եւ ՙազգային խենթութեան՚ տիտղոսին կրնայ զիս արժանի դարձնել:

Սակայն կ’ուզեմ կարեւորութեամբ ստորագրել թէ ամէն անգամ ազգային գերագոյն պահանջներու առջեւ ինծի կատարուած կրկնակի խնդրանքներուն հետեւանքը եղած են այս բոլորը:

Տարիներու ընթացքին տարբեր պարգեւատրումներու արժանացած եմ, սակայն ամենայատկանշականը կը նկատեմ վերջինը, երբ 2019 Դեկտեմբերին Գանատայի Ընդհանուր Կառավարիչը ինծի շնորհեց ՙMember of Order of Canada՚ կոչումը որ կը նկատուի Գանատայի քաղաքացիական բարձրագոյն պատիւը: Այդ կոչումը կը շնորհուի հետ երկու տարի տեւողութեամբ մանրամասն քննութեանց: Իմ պարագայիս պաշտօնական յայտարարութիւնը մօտաւորապէս կ’ըսէ թէ որոշումը առնուած է «նկատի առնելով, անձիս` որպէս գիտնական, կատարած որպէս հիմնադիր բազմաթիւ իրագործումները Գանատահայ գաղութին կառուցման գործին ինչպէս նաեւ, ի նպաստ Հայ մշակոյթին` Գանատա եւ Սփիւռք կատարած գործունէութիւնը»:

 

Հ. Ինչպէ՞ս սկիզբ առաւ դպրոցաշինութեան աշխատանքը:

Պ.- Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի Մոնթրէալի Հ.Բ.Ը.Մ.եան Ալեք Մանուկեան Վարժարանին որ անցնող 2020 տարուան Հոկտեմբերին լրացուց իր հիմնադրութեան Ոսկեայ տարեդարձը` 50-ամեակը: Այդ առիթով ես ուզեցի դպրոցին ամբողջական պատմութիւնը հակիրճ կերպով արձանագրած ըլլալ եւ հրատարակեցի մօտ 70 էջերէ բաղկացած գրքոյկ մը որ պատասխանն է այս հարցումին: Հետեւաբար հարցման պատասխանը երկար է եւ այն կը գտնէք այդ գըրքոյկին մէջ, սակայն այստեղ նշեմ միայն հիմնական կէտերը:

Ինչպէս վերեւը յիշեցի, ես Մոնթրէալ հաստատուեցայ 1965 թուին երբ ամբողջովին հայախօս հազարաւոր գաղթողներ կը հասնէին Գանատա հիւրընկալ այս ափերը: Սակայն ես որ կու գայի Ֆիլատելֆիոյ ամերիկահայ պատուական սակայն լեզուն կորսընցուցած գաղութէն, սուր կերպով գիտակից էի թէ, այս նոր գաղութը պիտի կարճ ժամանակի մէջ կորսնցնէր իր հայկականութեան գլխաւոր նկարագիրը եթէ չունենար բարձր որակով տեղական բարձրագոյն մակարդակով Հայ վարժարան մը:

Գաղութը ոչ պատրաստ էր եւ ոչ ալ որեւէ միջոց ունէր այդպիսի երազ մը իրականացնելու համար: Աւելին` բոլորը զիս կը նկատէին անիրականալի եւ անիրատես ծրագիր հետապնդող մը: Ես քաջալերուած էի այն իրականութեամբ թէ նոյն այդ շրջանին Հ.Բ.Ը.Մ.ի մեծանուն եւ իմաստուն նախագահ Ալեք Մանուկեանը յայտարարած էր թէ ինք զօրավիգ պիտի կանգնէր Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ դպրոցաշինութեան աշխատանքին: Պրն. Մանուկեան ծանօթացած էր ինծի եւ արագօրէն սերտ միտքի եւ զգացումներու ներդաշնակութեան կապ հաստատուած էր մեր միջեւ:

Մնացեալը երկար եւ դժուար պատմութիւն մըն է: Գործնապէս հակառակ ամէն տեսակի մեծ խոչընդոտներու որոնց մաս կը կազմեն, տեղւոյն պետական օրէնքները, կրթականը, նիւթականը եւ նոյնիսկ գաղութին մէջ ինծի դէմ ստեղծուած անիմաստ հակառակութիւնները, շնորհիւ սակայն Ալեք Մանուկեանի իմ վրայ ունեցած ամբողջական վստահութեան, կրցայ փոքր թիւով նուիրեալներու հետ միասին յաջողցնել անկարելի նկատուող Գանատահայ առաջին Հայ դպրոցը:

1970-ին երբ գաղութը օժտեցինք իր տպաւորիչ Մայր Տաճարով, անոր կողքի շէնքին մէջ ալ բացումը ըրինք Գանատահայ գաղութին առաջին, Հայ դպրոցին` 45 մանկապարտէզի աշակերտներով… Մի քանի տարի ետք արագօրէն զարգացաւ դպրոցը եւ կառուցեցինք պալատանման Ալեք Մանուկեան վարժարանի շէնքը որպէս անձնական նուէրը Ալեք Մանուկեանին: Տպաւորիչ բացառիկ այս շէնքին մէջ ժամանակ մը աշակերտութեան թիւը անցաւ 500-ը, կրթական մակարդակը եռալեզու ծրագրով կը մրցէր լաւագոյն դպրոցներու հետ:

Այն փողոցը որուն վրայ կառուցուեցաւ մեր դպրոցը քաղաքապետարանին մօտ կատարած իմ դիմումովս վերանուանուեցաւ Մանուկեան փողոց: Վերջապէս ես 41 տարիներ ամէնօրեայ ուշադրութեամբ վարելէ ետք դպրոցին ամբողջական պատասխանատուութիւնը, փոխանցեցի զայն նորերու:

Այսօր մեր դպրոցը գաղութին տուած է 2000-է աւելի շրջանաւարտներ որոնց մէջ կը հաշուուին բացառիկ յաջողութեանց հասած բազմաթիւ քաղաքացիներ: Շէնքի բացման առիթով Ալեք Մանուկեանի փափաքով վարժարանի գլխաւոր սրահը անուանուած է ՙԱրշաւիր եւ Նատիա Կէօնճեան՚ սրահ: Փաստօրէն այս վարժարանը անգին նուէր մըն է այս գաղութին, որ ան կը պարտի ուղղակի Ալեք Մանուկեանին եւ ինծի:

 

Հ. Թէ Ինչպէ՞ս Թէքէեանը զարգացաւ եւ տիրացաւ իր այսօրուան Գեղեցիկ Կեդրոնին:

Անվիճելի փաստ է թէ Մոնթրէալահայ գաղութի ստեղծման առաջին իսկ օրերէն, Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը բանալի դեր կատարեց գաղութի զարգացման եւ հզօրացման գործին մէջ: Սկիզբը մանաւանդ, Թէքէեանցիները առաւելաբար երիտասարդներ էին մեծ մասամբ հաւատաւոր Ռամկավար կուսակցականներ: Առաջին տարիներուն ես ստանձնած էի նաեւ Թէքէեանի ատենապետութիւնը սակայն աւելի վերջ այդ պաշտօնը յաջորդաբար ստանձնեցին նուիրեալ տարբեր անձեր:

Թէքէեանը դարձուցինք գաղափարական եւ կազմակերպչական ողնայարը մեր գաղութին:

Առաջին բացառիկ յաջողութիւնը եղաւ 1967-ին իսկ հաստատել Գանատահայ առաջին Ռատիօժամը, ՙԹէքէեանի Ձայն՚ յայտագիրը որ կը վայելէր անսահման ժողովրդականութիւն: Քանի որ տակաւին գաղութին մէջ այդ ժամանակ չկար հաղորդակցութեան որեւէ միջոց, ազգային, եկեղեցական եւ միութենական բոլոր լուրերը եւ հայկական երաժշտութիւնը կը սփռուէր ՙԹէքէեանի Ձայնին՚ միջոցաւ որուն վարիչը 20 տարիներ շարունակ, տիկինս` Նատիան էր:

Երկրորդ ցնցիչ, իրագործումը կատարեցինք 1975-ին երբ հիմնեցինք Գանատահայ առաջին շաբաթաթերթ եռալեզու ՙԱպագայ՚ն շնորհիւ ընկեր Երուանդ Ազատեանին քաջալերութեան եւ գործակցութեան: Այսօր 46 տարիներէ ի վեր ՙԱպագայ՚ն պատուաբեր մէկ անդամն է Ռամկավար աշխարհատարած մամուլին:

Քանի որ հարց կու տաք յատկապէս մեր այսօրուան կեդրոնին մասին ահա անոր շատ հակիրճ պատմութիւնը:

Մենք առաջին իսկ օրերէն` օժանդակութեամբ Կուսակցութեան Շրջանային Վարչութեան ունեցանք յարաբերաբար համեստ մեր կեդրոնը ուր կը կատարուէր մեղուաջան բացառիկ գործունէութիւն մը:

Իմ տեսլականս սակայն այն էր թէ նորակազմ այս գաղութին մէջ պէտք էր ոչ միայն հոգիով այլ նաեւ ֆիզիքապէս քով-քովի բերել գաղութի գլխաւոր կազմակերպութիւնները կազմելու համար բերդի նման հզօր համալիր մը: Սակայն քանի որ եկեղեցին արդէն իսկ իրականացած էր, կարեւոր կը նկատէի թէ մնացեալ կառոյցները` դպրոց եւ ակումբներ պէտք է համախմբուին նոյն շրջանին մէջ:

Ալեք Մանուկեանին հետ իր իսկ նախաձեռնութեամբ յաճախակի մտերիմ հանդիպումներով, մեր կուսակցական ղեկավարութիւնը կը փոխանակէր ազատօրէն միտքեր եւ ծրագրեր: Ան համաձայն էր յատկապէս իմ կողմէ արտայայտուած այս տեսակէտին:

Հետեւաբար դպրոցի պատկառելի շէնքին կառուցումէն ետք երբ արդէն իսկ այդ փողոցը յաջողեցայ վերանուանել Մանուկեան փողոց, խնդրեցի Պր. Մանուկեանէն որ համաձայնի որպէսզի Թէքէեանի նոր շէնքը, որուն համար ունէինք արդէն մեղուաջան աշխատող յանձնախումբ մը, կառուցանենք Մանուկեան փողոցին վրայ: Ալեք Մանուկեան ոչ միայն համաձայնեցաւ այդ գաղափարին այլ ինք իսկ նախաձեռնեց որ այդ փողոցին վրայ յաջորդ յարմարագոյն հողաշերտը որ վաճառելի չէր տակաւին վաճառուի Թէքէեանին: Առաւել ան Թէքէեանին նուիրեց ամբողջ հողաշերտին արժէքը եւ կառուցուելիք նոր շէնքին ի նպաստ կարեւոր գումար մը: Բացառիկ քաջալերութիւն էր այս իշխանական ժեսթը մեր կուսակցական եւ միութենական ընկերներուն համար որոնք տենդոտ աշխատանք մը կը տանէին նոր կեդրոնին կառուցման համար:

Ահա այսպէս է որ այսօր որպէս ամբողջ սփիւռքին մէջ նմանը չունեցող երեւոյթ, Մոնթրէալի Մանուկեան փողոցին մէկ ծայրէն միւս իրարու քով կանգնած են Մանուկեան Վարժարանի փառահեղ շէնքը, Հ.Բ.Ը.Մ.ի գեղեցիկ կեդրոնը եւ Թ.Մ.Մ.եան մրցանակակիր յատուկ նորաձեւութեամբ կառուցուած նոր կեդրոնը: Այս երեք տպաւորիչ շէնքերու համախմբումը կոչած ենք ՙՄանուկեան համալիր՚:

Մինչեւ այստեղ հարցազրոյցին մէջ տուած տեղեկութիւններէս արդէն իսկ պէտք է նկատէք թէ իսկական ՙԱզգային Հերոս՚ Ալեք Մանուկեանը թէեւ կուսակցական մը չէր սակայն ան խորապէս հաւատացող մըն էր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մաքուր գաղափարախօսութեան եւ գործունէութեան: Ան մեծ յարգանք եւ համակրանք ունեցած էր Փրոֆ. Թովմասեանին, ՙՄեծ Երազ՚ի հաւատացող Գերսամ Ահարոնեանին, անբիծ հայրենասիրութեամբ յատկանշուած Հայկաշէն Ուզունեանին եւ այդ շարքին մէջ անոնց յաջորդողներուս մտաւորական եւ քաղաքական գործիչ Երուանդ Ազատեանին եւ անձնապէս ինծի: Ալեք Մանուկեան համարեա մօտէն ծանօթ էր ազգային, եկեղեցական բոլոր հարցերուն եւ պատրաստ եւ տրամադիր էր միշտ գործնապէս եւ նիւթապէս իր բարերար միջամտութիւնը բերելու հարցերու բարելաւ լուծման համար:

Ան բծախնդիր եւ խիստ անձնաւորութեամբ անկրկնելի ազգային կոթող մըն է որուն շատ բան պարտական է Հայ ժողովուրդը ամբողջ:

 

ՎԵՐՋ Ա. ՄԱՍ