ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ
Յունիս 19-ի` խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրէին, նախագահ Արմէն Սարգսեան հարցազրոյց մը տուաւ Mirror-Spectator-ի ներկայացուցիչ Երուանդ Ազատեանին` այս օրերուն Հայաստանը յուզող հարցերու շուրջ: Այս այցը ապացուցեց այն, ինչ որ շատ տեսանելի էր դուրսէն, որ կայ խզում նախագահական գրասենեակի և կառավարութեան գործադիր իշխանութեան միջև: Անկախ այն իրականութենէն, թէ որքանով նախագահի պաշտօնը արարողակարգային է, սակայն ան միաժամանակ ունի դեր ամբողջ երկրի գործունէութեան մէջ:
Խիստ սահմանադրական սահմանումէն անդին` Նախագահի դերն ու վերջինիս անձը կարևոր է: Նախքան պետական գործիչ ըլլալը ան կը զբաղէր դիւանագիտութեամբ եւ ականաւոր գիտնական էր: Բացի ճշգրիտ գիտութեան մասին իր գիտելիքներէն, ան տարիներու ընթացքին հսկայական փորձ կուտակած էր միջազգային առևտուրի և տնտեսագիտութեան ոլորտին մէջ: Նոյն ժամանակամիջոցին ան յաջողեցաւ սերտ յարաբերութիւններ մշակել աշխարհի առաջնորդներուն հետ, որոնց հետ փոխյարաբերութիւնները կրնային միայն էական օգուտներ բերել հայրենի երկրին:
Մարդ կ’ունենայ այն տպաւորութիւնը, որ սահմանափակելով Նախագահը իր սահմանադրական դերով և այդ դերը շատ նեղ սահմաններու մէջ բնութագրելով` Հայաստանի կառավարութիւնը ինքզինք կը զրկէ այնպիսի մեծ առաւելութենէ մը, որ այնքան շատ անհրաժեշտ է կենսական աղբիւրներով աղքատ երկրին, ինչպիսին է Հայաստանը:
Զրոյցի ամբողջ տեւողութեան նախագահը հազուադէպ կ’օգտագործէր որևէ դիւանագիտական երկիմաստութիւն կամ խուսափողականութիւն: Ան անմիջական էր և հնարաւորինս առարկայական:
Նախագահ Սարգսեանը երկրի այն նշանաւոր առաջնորդներէն էր, որ արցախեան պատերազմի տապալումէն ետք կոչ ըրաւ վարչապետին հրաժարականը պահանջելով և խորհուրդ տուաւ ձևաւորել «թեքնոկրատ»ներու կառավարութիւն: Անդրադառնալով այդ խնդրին և այն գաղափարին, որ ինք կրնայ նախագահել այդպիսի կառավարութեան մը վրայ, Սարգսեան առաջարկեց պարզաբանել, որ իր առաջարկութիւնը ուղղուած չէ վարչապետի անձին, այլ առաջարկ է փոխարինելու ամբողջ կառավարական կազմը: Ինչ որ կը վերաբերի իրեն, արդեօ՞ք ան կարողութիւնը ունի՞ դառնալու այդպիսի «թեքնոկրատ»ական դահլիճի ղեկավար, Սարգիսեան առաջարկեց, որ ինք պարտաւոր է իր սահմանադրական դերով չզբաղեցնել որևէ գործադիր պաշտօն:
Գործող կառավարութեան հրաժարականի մասին նախագահի կոչը հիմնուած էր անոր համոզումներուն վրայ, թէ Երրորդ հանրապետութիւնը արդէն իսկ ընթացած է իր հունով, իսկ մենք կը գտնուինք Չորրորդ Հանրապետութեան շեմին:
Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հաստատութիւնը լիովին փլուզման մէջ է, ուստի ինչպէ՞ս կրնայ երկիր մը կառավարել իր միջազգային յարաբերութիւնները այս դժուար ժամանակներու մէջ: Հարցին, թէ որքանով լաւ կ’օգտագործուին անոր կապերն ու փորձը աշխարհի միւս առաջնորդներուն հետ, Նախագահը ամենադոյզն փորձն իսկ չկատարեց թաքցնելու համաշխարհային դիւանագիտութեան մէջ Հայաստանի ձախողումներուն հետ առնչուած իր մտավախութիւնները:
Այնուամենայնիւ, ան բացայայտեց, որ իր նախաձեռնութեամբ որոշակի ջանքեր գործադրած է արտաքին կապերը պահպանելու համար: Ան անդրադարձ կատարեց վերջերս Վրաստան կատարած իր այցին, ուր հանդիպում ունեցած էր պետական պաշտօնեաներու և հայ համայնքի ղեկավարներու հետ: Ան նաև ուղևորութիւններ կատարած էր Ղազախստան և Մոսկուա, բայց այլ մանրամասներ չբացայայտեց, թէ ինչպիսի պաշտօնական կողմերու հետ շփումներ ունեցած է, կամ ինչպիսի նիւթեր քննարկած էր անոնց հետ:
Արևմտեան լրատուամիջոցներու աղբիւրները նախապէս անդրադարձած էին ԱՄՆ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփի և այժմու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ անոր յարաբերութիւններուն մասին: Երբևիցէ նախագահէն խնդրա՞ծ են օգտագործել այս փոխյարաբերութիւնները բարձրացնելու համար Հայաստանը յուզող որոշ խնդիրներ: Նախագահը բացասական կերպով պատասխանեց.
Հարցին, թէ ան ի՞նչ կ’ակնկալէ սփիւռքէն Հայաստանի համար, ան փոխաբերական իմաստով խօսեցաւ` հարցադրելով, թէ ի՛նչ կրնար պատահիլ Արաբական թերակղզիի էմիրաթական երկրին, եթէ այդ երկիրը հրաժարի օգտագործել իր նաւթային աղբիւրները: Անկէ ետք ան պատասխանեց իր իսկ հարցին` յայտարարելով, որ նման երկիր մը անապատային թագաւորութեան կը վերածուէր և ահա թէ ո՛ւր կը գտնուինք մենք այժմ:
Նախագահը կը խոստովանի, թէ Սփիւռքը ունի բազմաթիւ տաղանդներ և աղբիւրներ, որոնք չեն կրնար օգուտ բերել Հայաստանին սահմանադրական սահմանափակումներուն պատճառով: Նոյնիսկ Ֆրանսայի նման խոշոր երկիր մը ունի սահմանադրութիւն, որ թոյլ կու տայ արտերկիր գտնուող ֆրանսացիներուն մասնակցելու կառավարութեան ծիրէն ներս և իրենց ներդրումը ունենալու երկրի բարգաւաճման մէջ: Թէեւ այս մէկը կրնայ հարցին հռետորական պատասխանը թուիլ, թէ Սերկէյ Լավրովի պէս դիւանագէտ մը կրնա՞յ ծառայել Հայաստանի մէջ` պետական կառավարման որակով:
Յետ պատերազմեան իրավիճակին մէջ գոյութիւն ունի ռազմագերիներու փոխանակման վերաբերեալ նախնական համաձայնութեան արձանագրութիւն: Ընդհանրապէս ժամանակի ընթացքին պատերազմող կողմերը ռազմագերիները կը տեղափոխեն Միջազգային Կարմիր խաչի խնամակալութեան, որ իր հերթին այդ գերիները կը վերադարձնէ հայրենիք` համաձայն հակառակորդ երկիրներու միջև կնքուած պայմանագրին: 44-օրեայ պատերազմէն ետք Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած հռչակագիրը կոչ կ’ընէր «բոլորը բոլորին համար»: Բոլոր ատրպէյճանցի բանտարկեալները ազատ կ’արձակուէին բոլոր հայ բանտարկեալները ազատ արձակելու համար: Ինչո՞ւ համար Հայաստանը ազատ արձակեց բոլոր ատրպէյճանցի գերիները մինչեւ հայ բանտարկեալներու ազատ արձակուիլը: Նախագահը չխորացաւ հարցին մանրամասներուն մէջ, բայց նաեւ չյապաղեցաւ յայտարարել, որ այդ արարքը գէշ գործարք էր:
Հարցին, թէ ինչպէ՞ս ան կը բնութագրէ հայկական պետութեան և եկեղեցիի փոխյարաբերութիւնները, Նախագահը պատասխանեց, որ ինչ կը վերաբերի նախագահականին, անոնք գերազանց են: Այնուամենայնիւ, ան պիտի չկարենար բնութագրել այդ յարաբերութիւնները նոյն իմաստով, ինչ կը վերաբերէր Հայաստանի կառավարութեան գործադիր իշխանութեան: Ան յատուկ կերպով ընդգծեց, որ պետութիւնը պէտք չէ խառնուի եկեղեցական գործերուն, ոչ ալ հակառակը:
Կովկասի մէջ սկսած է մշակուիլ նոր քաղաքական օրինակարգ մը: Գլխաւոր քաղաքական ոյժերը իրենց պատշաճեցումները կը գտնեն այս զարգացումներուն մէջ և այս գործընթացի ծիրէն ներս անոնք կը կերտեն Հայաստանի ճակատագիրը: Երեւանը ի վիճակի չէ այս գործընթացին մէջ իր խօսքը ըսելու: Նախագահը ընդունեց այդ վտանգաւոր միտումները, և անոր առաջարկութիւնը այն էր` զարգացնել ուժեղ դիւանագիտութիւն, քանի որ Հայաստանը ի վիճակի չէր ճակատելու իր դրացիներուն հետ ռազմական հզօրութեամբ:
Նախագահը կը վերագրէ այս անկայուն քաղաքական իրավիճակը, այն սահմանադրութեան, որ ընդունուած է Սերժ Սարգսեանի կառավարման տարիներուն: Սարգսեանը երկրին պարտադրած էր իրեն համար յարմարցուած սահմանադրութիւն մը: Նախագահի թեկնածու առաջադրուելուն պէս Արմէն Սարգսեան առաջարկած է Սերժ Սարգսեանին, որ սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկէ: Այնուամենայնիւ, նախքան Սերժ Սարգսեան կրնար կատարել իր տուած խոստումը, սակայն ան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն` յօգուտ Նիկոլ Փաշինեանի: Ութ օր անց նախագահութիւնը ստանձնեց Արմէն Սարգսեանը:
Թէեւ նախագահը հրաժարեցաւ քննարկելէ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքը, սակայն ան վստահեցուց, որ արդէն պայմանաւորուածութիւն ունի Փաշինեանի հետ Հոկտեմբերին հանրաքուէ կայացնել նոր սահմանադրութեան վերաբերեալ, որ պիտի հաստատէ նախագահական կառավարման համակարգը և պիտի վերականգնէ վերահսկողութիւնը, հաւասարակշռութիւնն ու ոյժը:
Մենք հեռացանք նախագահական գրասենեակէն դրական տրամադրութեամբ:
Երեւան
Անգլերէնէ թարգմանութիւն` ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ