Tag: Հայերէն

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմանագծման հարցերով նիստ տեղի ունեցաւ

Չորեքշաբթի՝ 31 Յունուար 2024-ին, տեղի ունեցաւ սահմանագծման հարցերով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի յանձնախումբերու նիստը: Սովորաբար, այս հանդիպումներուն մասին Երեւանն ու Պաքուն շատ մանրամասնութիւններ չեն ներկայացներ. հետեւաբար...

Եւրոպայի մէջ` 27-28 Յունուար-ին, որպէս զօրակցութիւն Արցախի, տեղի ունեցաւ համաեւրոպական ձեռնարկը

«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը անցեալ շաբաթավերջին Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերէն ետք հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը 2024 թուականի Յունուարի 27-28-ը անցկացրեց...

Զախարովա. «Եթէ ոեւէ մէկը կ’ուզէ մերձենալ ՆԱԹՕ-ին, պէտք է նախ հասկնայ,...

Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման լաւագոյն երաշխիքը Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու թղթածրարը կարելի...

Առաջին Անգամ Ըլլալով Երեւանի Մէջ Պիտի Ցուցադրուի «Անահիտ Դիցուհիի» Կիսանդրին

Հայաստանի պատմութեան թանգարանին եւ Բրիտանական թանգարանին միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան շնորհիւ 2024 թուականի Սեպտեմբերին առաջին անգամ ըլլալով Երեւանի մէջ պիտի ցուցադրուի Բրիտանական թանգարանին մէջ...

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ  ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԱԾ ԵՆ ԼՂՀ ԲՈԼՈՐ ԳԵՐԻ ԻՆԿԱԾ ՆԱԽԿԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ԿԱԼԱՆՔԸ

Վերջերս, թշնամի երկրին աղբիւրները յայտնած են, որ բռնագրաւուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարները, որոնք ապօրինաբար կալանաւորուած են Պաքուի մէջ, պիտի դատուին ատրպէյճանական դատարաններու մէջ:...

ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԻՆ ԳԾՈՎ ՄԻՆՉԵՒ ԱՅԺՄ ԱՐԴԻՒՆՔ ՉԿԱՅ»

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Հայաստան-Թուրքիա սահմանի՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անձնագիր կրողներուն համար բանալու պայմանաւորուածութեան մասին ըսած...

ՍՓԻՒՌՔԸ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՀԵՏՔ ՁԳԱԾ ՄԱՐԴԻԿ

Վերջին երեք տասնամեակներուն բազմաթիւ սփիւռքահայեր` գործարարներ, առեւտրականներ, արուեստագէտներ, բժիշկներ, պետական կառավարման գործի մասնագէտներ եւ ուրիշներ, յատկապէս Անկախութեան առաջին տարիներու ընդհանուր խանդավառութեան շրջանին, եկան Հայաստան,...

Սերկէյ Լաւրով. «Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման հարցը հայկական կողմին չի...

Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման հարցը հայկական կողմին չի վերաբերիր, անիկա Մոսկուայի եւ Պաքուի երկկողմանի յարաբերութիւններու հարց է: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին...

Ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը վտարուեցաւ ԵԽԽՎ-էն՝

Ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը առնուազն մէկ տարիով վտարուեցաւ Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովէն (ԵԽԽՎ)․ կառոյցը վերջերս ձայներու 76 կողմ, 10 դէմ եւ 4 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ որոշեց չվաւերացնել...

Ոչ Եւս է Տօքթ. Արթօ Տէմիրճեան

Խորազգաց ցաւով կը գուժենք ծանօթ եւ սիրուած գանատահայ ազգային՝ Տօքթ. Արթօ Տէմիրճեանի մահուան տխուր Լուրը ՝որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ 22 Յունուար 2024-ին: Հանգուցեալ Տօքթ. Արթօ...
Advertisement