Երգչուհի Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճուի նոր երգը «ԿՌՈՒՆԿ, ԲԱՐՈՎ ԴԱՌՆԱՍ»

Կռունկը (թուրնա քուշու) իւրայատուկ տեղ մը ունի հայ ժողովուրդին սրտին մէջ:Այս թռչունը վշտի խորհրդանիշ է, միաժամանակ նաեւ յոյսի ու սպասումի պատգամաբեր դժբախտութիւններու ճամբուն վրայ կամ օտար երկինքի տակ հայաշխարհէն գալիք «խապրիկ»ով: Կռունկին նուիրուած բոլոր երգերուն մէջ, գլխաւորութեամբ Կոմիտասի «Կռունկ ուրկէ՞ կուգաս»ին, ամբարուած է հայութեան հաւաքական կարօտն ու թախիծը, որ անսահման է՝ պատմութեան դառն ճակատագրի պատճառով:

Այս անգամ «Կռունկ»ը մշակութասէրներուն հետ կը ժամադրուի սիրելի երգչուհի Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճուի շնորհիւ: Ան «Կռունկ, բարով դառնաս» երգի տեսահոլովակը կը նուիրէ մեզի, մեր սիրտերը կը գերէ հոգեթով կատարողականութեամբ եւ իր քաղցր ձայնով:

Տեսահոլովակը կարելի եղած է նկարահանել բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլի հովանաւորութեամբ եւ ի՞նչ լաւ որ ան ձեռք երկարած է Մարալին, որովհետեւ տպաւորիչ են թէ’ Հայաստանի ու Ֆրանքֆուրթի մէջ զուգերգով Առէն Էմիրզէի մասնակցութիւնը, թէ’ ձայնագրութիւնն ու միւս բոլոր մանրամասնութիւնները: Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերը՝ Սաղմոսավանքը, Սեւանայ լիճը՝ որպէս զարդ Գեղամայ սարերուն մէջ, Մասիս լերան համայնապատկերը կը միաձուլուին հրաշալի երգեցողութեան հետ ու կը դառնան գեղեցիկ ամբողջութիւն: Այսպէս՝ Գէորգ Էմինի բառերով ու Ալեքսէյ Հեքիմեանի երաժշտութեամբ յօրինուած «Կռունկ, բարով դառնաս»ը Մարալի ձայնով հայ ժողովուրդին ուղղեալ նոր պատգամ կը դառնայ՝ հայրենի հող վերադառնալու, տուն դառնալու համար:

Տեսահոլովակի գործիքաւորումը կատարուած է Առէն Էմիրզէի կողմէ, տեսահոլովակի ձայնագրութեան ու նկարահանումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են Մարիամ Գէորգեան, Գոռ Պօղոսեան, Սիփան Գրիգորեան, Գայիանէ Մելիքեան, Սելին Չալըշքան ու Պենժամին Թաշճեան: Կը շնորհաւորենք Մարալն ու կը մաղթենք որ տեսահոլովակը բազում ունկնդրութիւններ ունենայ համացանցի հարթակներուն վրայ, այս սրտառուչ երգը տարածելով հայ տուներէն ներս:

Maral Ayvaz feat. Emirsian – Groong | Կռունկ, Բարով Դառնաս – YouTube