Պսակաձեւ ժահրի արգելափակման իբր հետեւանք Թէքէեան Կեդրոնը ինչպէս գաղութիս բոլոր կեդրոններն ու եկեղեցիները, առնուազն չորս ամիս մնաց փակ ու զայն միայն պահեց քարտուղարական ու խմբագրական սահմանափակ գործունէութիւն:
Թէքէեան Կեդրոնը Մոնթրէալի միակ կառոյցն է որ ընկերային հաւաքներու համար իր ընդարձակ պարտէզով յարմարութիւն կ’ընծայէ բացօթեայ հաւաքներու:
Արդարեւ, կառավարութեան խստապահանջ պայմանները յարգելով Կեդրոնը երեք շաբաթներէ ի վեր, դարձեալ սկսած է իր ուրբաթօրեայ հաւաքներուն:
Բոլոր հականեխական պայմաններն ու հեռաւորութիւն պահպանելու պահանջները լրացնելէ յետոյ մօտ 50 ներկաներ վայելեցին ԹՄՄ-ի ընծայած բացօթեան ընկերային ուրբաթօրեայ երեկոները:
Նորութիւն էր նաեւ վերադարձը մեր անցեալի Cigar Night աւանդական հաւաքին: Մօտ 30 մասնակիցներ ներկայ եղան այդ առաջին հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 2 Օգոստոս 2020-ին:
Բարեկամներ որոնք որոշ ժամանակ արգելափակուած պայմաններու ենթարկուելէ ետք, մեծ հաճոյքով մասնակցեցան ընկեր Արա Պալեանի եւ Յարութ Գումրոյեանի կազմակերպած երեկոյին:
Ժամերը անցան ու ներկաները ետ գտան պատառիկ մը անցեալէն… ու հանդիպեցան հին ու նոր բարեկամներու:
Այս Cigar Night -ը շուտով կրկնելու յոյսով ներկաները մեկնեցան Թ.Մ.Մ.-ի ընծայած ապահով սակայն հաճոյալի ձեռնարկէն:
Վարձքը կատար կազմակերպող ընկերներուն:
Թղթակից