Վարչապետ՝ Ճասթին Թրիւտօ. «Գանատական կազը Գերմանիա արտածելը դիւրին պիտի չըլլայ»

Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ յայտնեց, որ գանատական կազը Գերմանիա արտածելը դիւրին պիտի չըլլայ, նոյնիսկ եթէ Պերլին ուզէ Ռուսիայէն իր կախեալութիւնը նուազեցնելու համար կազի մատակարարման աղբիւրները դարձնել բազմազան:

Թրիւտօ Մոնթրէալի մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին հեղուկ բնական կազի արտածման կարելիութիւնը նկատեց քիչ հաւանական` մատնանշելով Գանատայի արեւմուտքը գտնուող կազի հանքերուն եւ Ատլանտեան ովկիանոսի վրայ գտնուող նաւահանգիստներուն միջեւ հեռաւորութիւնը:

«Մենք կարելիութիւնները կը սերտենք գիտնալու համար, թէ հեղուկ բնական կազի արտածումը տրամաբանակա՞ն է, եւ զայն ուղղակի դէպի Եւրոպա արտածելը օգուտ ունի՞», աւելցուց Թրիւտօ:

Գերմանիոյ վարչապետը իր կարգին յայտնեց, որ Գերմանիան կ’արագացնէ նաւահանգիստներու ենթակառոյցներու եւ կազի խողովակներու կառուցումը` հեղուկ բնական կազի ներածումները աւելցնելու համար, եւ Գանատայի նման երկիրներու նկատմամբ դրական տրամադրուած է: