ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ՅՈՐԴՈՐԱԾ Է ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼՈՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒՂՂԱԿԻ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող` Գագիկ Պաղունց յայտարարութիւն տարածած է Եւրոպական խորհրդարանի 24 Հոկտեմբերի բանաձեւի մասին, որուն մէջ յիշուած է.

«Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը կ’ողջունէ Եւրոպական խորհրդարանի կողմէն ընդունուած 24 Հոկտեմբեր 2024-ի «Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի խախտումներու եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու մասին» բանաձեւը, որ ուղղուած է Ատրպէյճանի տարածքին մարդու իրաւունքներու աղէտալի իրավիճակին, միջազգային իրաւունքի նսեմացման եւ ողջ տարածաշրջանին, մասնաւորապէս Հայաստանի նկատմամբ, սանձազերծուած յարձակողական մօտեցումներու բացայայտման։ Մեր խորին գնահատանքը կը յայտնենք Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներուն՝ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումին ուղղուած յստակ դիրքորոշման համար: Կարեւոր է, որ բանաձեւը ընդգծէ միջազգային դատարաններու որոշումներու կատարման անհրաժեշտութիւնը, Արցախի ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն հետ անմիջական երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը՝ մեր անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձի երաշխաւորմամբ, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն ու քաղաքական բանտարկեալներուն ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ մեր գոյքի ու մշակութային ժառանգութեան պահպանումը։ Արցախի ժողովուրդի համախմբուած եւ անվտանգ վերադարձը հայրենիք առանցքային նշանակութիւն ունի տարածաշրջանի մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար, որ կարելի է ատրպէյճանա-արցախեան ուղիղ բանակցութիւններու միջոցով՝ միջազգային պաշտպանութեան տակ։

ԱՀ Ազգային Ժողովը կը յորդորէ Եւրոպական միութեան ձեռնարկելու գործնական եւ ուղղակի միջոցներ, որոնք պիտի ապահովեն տարածաշրջանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու յարգումը:

Այս նպատակով կարեւոր կը համարուի միջազգային արդիւնաւէտ չափանիշներու ներդրումը, որոնք կ’երաշխաւորեն արդիւնաւէտ երկխօսութիւնը, հաւաքական վերադարձի, անվտանգ ու արժանապատիւ կեանքի եւ այլ հիմնարար իրաւունքներու պատշաճ իւրացումը»։