«Աւրորա»-ի դափնեկիրը 30 հազար երեխայ փրկած կինն է

Ապրիլ 24-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի օրը, Երեւանի մէջ կայացած է միջազգային մարդասիրական «Աւրորա» (Aurora Prize for Awakening Humanity) մրցանակի առաջին արարողութիւնը:

Հեղինակաւոր միջազգային ժիւրին, որուն համանախագհներն են դերասան Ճորճ Քլունին եւ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Էլի Վիզելը, չորս արժանաւոր յաւակնորդներէն ընտրեցին «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրը` Մարգարէթ Պարանկիցէն: Մրցանակը անոր յանձնեց Ճորճ Քլունին։ Այս մասին կը հաղորդէ Mediamax-ը:

Մարգարէթ Պարանկիցէն կ’աշխատի Պուրունտիի Խաղաղութեան Տուն (Maison Shalom) խնամքի տան  եւ REMA հիւանդանոցին մէջ: Պուրունտիի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն ան հազարաւոր կեանքեր  փրկած է` խնամելով որբեր ու փախստականները:

Ազգութեամբ թութսի Պարանկիցէն պատերազմի սկիզբը հետապնդումէն փրկելու նպատակով փորձած է թաքցնել ազգութեամբ հութու 72 ամենամօտ հարեւաններուն, սակայն երբ անոնց գտած են, բոլորին տեղւոյն վրայ սպանած են` ատոր ականատեսը դարձնելով նաեւ Պարանկիցէին:

Այս դաժան միջադէպէն յետոյ Մարգարէթը իր կեանքը նուիրած է փախստականներուն եւ երեխաներուն խնամելու գործին: Ան ընդհանուր առմամբ փրկած է 30,000 երեխայի: 2008 թուականին անոր հիմնած հիւանդանոցին մէջ մինչ օրս բժշկական օգնութիւն  ստացած է 80,000 մարդ:

Մարգարէթ Պարանկիցէն «Աւրորա» մրցանակի հիմնադիրներէն կը ստանայ $ 100 հազար տոլար: Եւս $ 1 մլն տոլար կը բաշխուի անոր ընտրած երեք բարեգործական կազմակերպութիւններուն միջեւ: Ատոնք են` Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դուքսի եւ Մեծ Դքսուհիի հիմնադրամը, «Ժան-Ֆրանսուա Փեթերպրոկ» հիմնադրամը եւ «Պրիտերլէխ Տելէն» հիմնադրամը:

Երեկոյին ընթացքին շնորհուած է նաեւ 100 LIVES նախաձեռնութեան եւ Լրագրողներու միջազգային կեդրոնի (International Center for Journalism, ICFJ) «Սկզբունքային լուսաբանում» համատեղ մրցանակը, որուն առաջին դափնեկիրը դարձաւ The New York Times թերթի լրագրող Ռուգմինի Գալիմակը:

Ռուգմինի Գալիմակը աշխարհին պատմած է ահաբեկչական ISIS խմբաւորման ստեղծած սեռական ստրկութեան անմարդկային համակարգին մասին: Ան նաեւ հետաքննած է զուիցերական դրամատուներու եւ Սենեկալի ոսկիի հանքերուն մէջ երեխաներու շահագործման միջեւ եղած կապը, ափրիկեան  շարք մը երկիրներու մէջ մարդոց զանգուածային սպանութիւններու դէպքերը:

Արարողութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցած են 100 LIVES եւ Aurora Prize նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Վարդան Գրեգորեան, Նուպար Աֆէյեան եւ Ռուբէն Վարդանեան:

«Աւրորա» արարողութիւնը վարած են օփերայի երգչուհի Յասմիկ Պապեանը եւ Washington Post թերթի սիւնակագիր, գրող եւ հրապարակախօս Տեւիտ Իկնատիուսը:

Արարողութեան ներկայ  եղած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ը: