Նիկոլ Փաշինեան անհնազանդութեան կոչ ըրաւ
Ազգային Ժողովին ՀՀ վարչապետի ընտրութեան քուէարկութենէն ետք «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած ցուցարարներուն կոչ ըրած է կրկին վերադառնալ գործադուլի եւ դասադուլի կազմակերպման, փողոցներու փակման գործելաոճին:
«Հանրապետական խմբակցութեան գործողութեանը մեր հակագործողութիւնը լինելու է շատ արագ, վաղը յայտարարւում է գործադուլ եւ դասադուլ: Առաւօտեան 8:15-էն շրջափակում ենք բոլոր փողոցները, հաղորդակցութեան ուղիները, մեթրոն, օդանաւակայանը: Մեր պայքարը չի կարող չպսակուել յաղթանակով»,- դիմելով ցուցարարներուն՝ ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ իրենց պայքարը «բաց ձեռքերի է եւ խաղաղ քաղաքացիական պայքար է»:
Անդրադառնալով Ազգային ժողովին ՀՀ վարչապետի ընտրութեան ժամանակ տեղի ունեցած քննարկումներուն՝ Փաշինեանը ըսած է, որ իր գնահատմամբ՝ քննարկումը ունէր գրգռիչ բնոյթ: «Նրանք անընդհատ ուզում էին հասնել նրան, որ ժողովուրդը եւ նրա թեկնածուն նիարդայնանան, ափերից դուրս գան, գրգռիչ բաներ անեն, գրոհներ կազմակերպեն, բայց մենք դիակապտութեամբ չենք զբաղւում: Քաղաքական բանակցութիւնները կարող են վերաբերուել միայն ու միայն ՀՀԿ-ի «քաղաքական յուղարկաւորութեանը եւ հոգեհացին»,- ըսած է Փաշինեանը:
Միաժամանակ, ան նշած է, որ իրենք հետ քայլ ընելու տարբերակ եւ հնարաւորութիւն չունին: Նիկոլ Փաշինեանը դիմած է նաեւ ՀՀ ոստիկանութեան, որպէսզի վերջինս «մի կողմ թողնի բոլոր ձեւականութիւնները, ցած դնէ վահաններն ու մահակները եւ միանայ ցուցարար ժողովրդին»: