Հայոց Ցեղասպանութեան սբ. նահատակներու սրբապատկերը կը տարուի տարբեր եկեղեցիներ

Ապրիլ 23-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման արարողութեան ժամանակ օծուեցաւ սուրբ նահատակներու պատկերը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութեամբ նահատակաց սրբապատկերը հաւատացեալ ժողովուրդի խոնարհումի եւ աղօթքի համար զետեղուած է Մայր Տաճարին մէջ:

Յառաջիկայ ամիս սրբապատկերը կը փոխադրուի Մայր Աթոռի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցի: Ի տես եւ ի օրհնութիւն հաւատաւոր հայորդիներու` Օգոստոսին այն կը տարուի Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցի, ապա Հայ Եկեղեցւոյ հայաստանեան թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներ: