Նախագահ Բակօ Սահակեան առաջնագիծի վրայ ծանօթացած է գործնական-մարտավարական իրավիճակին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Պաշտպանութեան նախարար, ՊԲ հրամանատար, զօրավար-հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի ուղեկցութեամբ, Մայիս 3-ին այցելած է բանակային առաջնագիծ, տեղւոյն վրայ ծանօթացած գործնական-մարտավարական իրավիճակին, հակառակորդի հաւանական ոտնձգութիւնները կանխելու ուղղութեամբ իրականացած ու շարունակուող աշխատանքներուն: Այս մասին կը հաղորդեն ԱՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Ինչպէս նախագահին զեկուցած ու հաւաստիացուցած են զինուորականները, իրավիճակը լիովին կը գտնուի մեր ուժերու վերահսկողութեան ներքոյ եւ արկածախնդրութեան դիմելու պարագային հակառակորդը հերթական անգամ առիթ պիտի ունենայ համոզուելու իր ծրագիրներու անհեռանկարային ըլլալու հարցով:

Շրջայցի աւարտին՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը խնդիրներ առաջադրած է ներկաներուն եւ նշած, որ այսուհետեւ եւս ծառայութիւնը առաջնագիծի վրայ պէտք է կազմակերպել հաշուի առնելով առկայ իրողութիւններն ու հաւանական զարգացումները: