Աշխատանքային այցելութեամբ, Հոկտեմբեր 7-ին, Սիւնիք այցելած նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցած է մարզին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուող Սպարապետի օրուան նուիրուած ձեռնարկներուն:
Հանրապետութեան նախագահը ձեռնարկներու ծիրին մէջ այցելած է Խնձորեսկ համայնքին մէջ գտնուող Մխիթար Սպարապետի գերեզմանը, ծաղիկներ զետեղած եւ յարգանքի տուրք մատուցած Սպարապետի յիշատակին, իսկ երեկոյեան ներկայ գտնուած է օրուան խորհուրդին ներքեւ կազմակերպուած կալա համերգին:
Խնձորեսկի մէջ Սպարապետի օրուան նուիրուած բազմաբնոյթ ձեռնարկներուն զուգահեռ տեղի ունեցած են ժողովրդական տօնախմբութեամբ, երգ ու պարով, աւանդական տարբեր մարզաձեւերով մրցումներ:
Սիւնիքի մարզ կատարած այցելութեան շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահը այցելած է Գորիսի մէջ գտնուող Ակսել Բակունցի տուն-թանգարան: Նախագահին ներկայացուած է, որ 2012-2014 թուականներու ընթացքին թանգարանին մէջ կատարուած են հիմնանորոգման աշխատանքներ, բարեկարգուած է ցուցասրահը, ամբողջովին փոխուած են շարժական ցուցադրական վահանակները, ցուցափեղկերը եւ այլն:
Հանրապետութեան նախագահը ծանօթացած է նաեւ հիմնանորոգուող «Գորիս» պանդոկի պայմաններուն: