Ոչ եւս է Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը եւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը կը գուժեն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին վախճանումը Հինգշաբթի՝ 25  Յունիս 2015, առաւօտեան ժամը 8:45-ին:

Երանաշնորհ Հայրապետը ծնած էր Գահիրէ, 17 Յունուար 1940-ին: Կուսակրօն քահանայ  ձեռնադրուած էր  15 Օգոստոս 1965-ին եւ օգնական  նշանակուած Գերապատիւ Յովհաննէս վրդ. Գասպարեանին, հետագային` Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարք: 1968-1990 եղած  էր Գահիրէի արուարձաններէն Հելիոպոլսոյ Սրբուհի  Թերեզա եկեղեցւոյ ժողովրդապետ:

18 Փետրուար 1990-ին, ամենապատիւ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ.ին կողմէ նշանակուած էր Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ Թեմին առաքելական վարիչ: 1993-ին մաս կազմած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին եւ  ապա մնայուն սիւնհոդոսին:

7  Հոկտեմբեր 1999-ին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին կողմէ կ՛ընտրուի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` առնելով Ներսէս Պետրոս ԺԹ. անունը:

Իր 16 տարիներու գահակալութեան ընթացքին, Երջանկայիշատակ Հայրապետը անխոնջ նուիրումով ծառայեց հայ եկեղեցւոյ, ազգին եւ Լիբանանին, եւ գործեց ի խնդիր Հայաստան-Սփիւռք մերձեցումին: Խորապէս մտահոգուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնէութեան ու յատկապէս հայութեան ճակատագիրով: Երանաշնորհ Հայրապետը ճիգ ու ջանք չխնայեց ի խնդիր լիբանանեան համայնքներուն միջեւ համագործակցութեան ու համակեցութեան, եղաւ համերաշխութեան ու երկխօսութեան ջատագով մը յատկապէս հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութիւններուն հետ:

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ