Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը դատ բացած է Հայաստանի եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ արձանագրուած այն ընկերութիւններուն դէմ, որոնք Արցախի Հանրապետութեան տարածքին մէջ հանքային արդիւնաբերութեամբ կը զբաղին:
Պաքուի կողմէ թիրախ դարձած ընկերութիւններն են` «Վալեքս Կրուփ», «Պէյս Մեթըլզ», «Էյ.Սի.Փի.», «Թեղուտ»-ը, ինչպէս նաեւ «Լեռնամետալուրգիայի հիմնարկ»-ը եւ շարք մը անհատներ:
Դիմումին մէջ Պաքու կը պնդէ, թէ նշեալ ընկերութիւններու ներկայացուցիչները եւ պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ շարք մը անհատներ Հայաստանի տարածքէն, «բազմիցս, անօրինականօրէն հատած են Ատրպէյճանի պետական սահմանը եւ գրաւեալ տարածքներուն մէջ, առանց պատշաճ արտօնութեան, ձեռնարկութիւններ ստեղծած ու անօրինական շահ ապահոված են` մեծ քանակութեամբ ոսկիի եւ այլ գունաւոր մետաղներու արդիւնահանման շնորհիւ»:
Դատախազութեան բացած դատին մէջ նշուած են Քելբաջարի, Զանգելանի եւ Թարթառի շրջաններուն մէջ գտնուող առնուազն վեց հանքավայրեր` պնդելով, որ անոնց օգտագործման մասին փաստերը կարելի եղած է հաւաքել «Ազերսքի» արբանեակէն կատարուած նկարահանումներու միջոցով:
«Դիմումներ պիտի ուղարկուին միջազգային դատարան եւ այն պետութիւններու իրաւապահ կառոյցներուն, որոնց տարածքներուն մէջ արձանագրուած են անօրինական գործունէութեամբ զբաղող նշեալ ընկերութիւնները», ազդարարած է Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը:
Վերջին տասնամեակին հանքարդիւնաբերութիւնը եղած է Արցախի տնտեսութեան առանցքային ճիւղերէն մէկը: Արցախի Հանրապետութեան վիճակագրական ծառայութեան կողմէ անցեալ տարի ներկայացուած տուեալներուն համաձայն, 2016-2017 տարիներուն հանքարդիւնաբերութեան եւ բաց հանքերու շահագործման ծաւալները 189 տոկոսով աճած են Արցախի տարածքին: