Սերժ Սարգսեան. «Մենք կը գտնուինք նոր որակի անցումային շրջանի մէջ»

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Սեպտեմբեր 14-ին, Պորիս Մինցի հիմնարկին եւ Հայ-ռուսական համալսարանին կազմակերպած «Փոքր անցումային տնտեսութիւններ. տեղական պատասխաններ համընդհանուր մարտահրաւէրներու» նիւթով նստաշրջանին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտը դրած է Հայաստանի ապրած ներկայ զարգացումներուն վրայ:

Ըստ անոր, անկախութեան տարիներու իր փորձառութեամբ Հայաստան, անկասկած, հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ քաղաքագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան ժամանակակից տեսաբաններուն համար, մանաւանդ որ Հայաստան յետխորհրդային երկիրներէն առաջինն էր, որ կատարեց գիւղատնտեսական հողերու սեփականաշնորհում, ուժանիւթի համակարգի վերափոխում եւ արդիականացում, ենթակառուցուածքներու համապատասխանեցումը շուկայական տնտեսութեան կանոններուն: Ան հաստատեց, որ ներքին ու արտաքին բարդ պայմաններու մէջ Հայաստան կրցաւ ամուր հիմերու վրայ դնել ժողովրդավարական կառավարման սկզբունքները, ստեղծել քաղաքացիական հասարակութեան եւ ազատական տնտեսութեան հիմքեր:

«Նշեալ բոլոր բնագաւառներուն մէջ մենք հարուստ փորձառութիւն ունինք եւ պատրաստ ենք փոխանցելու մեր ձեռքբերումներն ու դասերը: Սահմանադրութեան առումով այժմ կը գտնուինք նոր որակի անցումային շրջանի մէջ` մուտք գործելով աւելի յառաջդիմական խորհրդարանական կառավարման համակարգ, ինչ որ, վստահ եմ, պիտի ապահովէ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական անշրջելի զարգացումը», յայտնած է հանրապետութեան նախագահը:

Ըստ անոր, երկրին տնտեսութիւնը եւս կը գտնուի նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, կայ միջազգային գործարար լայն շրջանակները Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ներգրաւելու պարագայ: Ան յոյս յայտնած է, որ կարելի ըլլայ ստեղծել օտար ներդրողներուն համար անհրաժեշտ գործիքակազմ, վստահելի տնտեսական համակարգ եւ արտածման կարելիութիւններ: