«Տաշիր» հիմնադրամը 4 զաւակ ունեցող 230 ընտանիքի դրամական աջակցութիւն պիտի տրամադրէ

Արցախի չորս զաւակ ունեցող 230 ընտանիք 4000-ական ԱՄՆ տոլարին համարժէք դրամական աջակցութիւն պիտի ստանան «Տաշիր կրուփ»-ի սեփականատէր, ռուսիա բնակող բարերար Սամուէլ Կարապետեանի կողմէ:

Ըստ Artsakhpress.amի՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի ղեկավար Անոյշ Մարտիրոսեանի խօսքով 230 ընտանիքէն 8-ը 4-րդ զաւակը ունեցած է 2016-ին, իսկ մնացեալ 222-ը` 2017-ին:

«Արդէն երկրորդ տարին է, որ հիմնադրամը միացած է նաեւ Արցախի մէջ ծնելիութեան խթանման ծրագիրին, եւ այս տարիներուն ընթացքին չորս զաւակ ունեցող ընտանիքներու թիւը զգալիօրէն աւելցած է»,- նշած է Ա. Մարտիրոսեանը:

Նշենք, որ նուիրատւութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 3-ին` ժամը 14:00-ին, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ: Ձեռնարկի ժամանակ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ պիտի խաղարկուի նաեւ երեք «շեւրոլեթ» մակնիշի ինքնաշարժ: