Աշոտ Մելքոնեան. «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջին փուլը աւարտած է»

«Հիանալի միջոցառում եւ քոյր եկեղեցիների գործակցութեան աննախադէպ դրսեւորում»: Այսպիսին է Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանի տպաւորութիւնը Ապրիլ 12-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Հռոմի Պապին կողմէ մատուցուած պատարագին մասին, որուն ներկայ եղած է ան: Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ան յիշեց միջնադարուն առաքելականներու եւ կաթոլիկներու տարակարծութիւնները, ապա նշած է, որ հիմա անոնք անցեալի մէջ են:  Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը:
«Տեսանք միասնական քրիստոնէական աշխարհ»,- ընդգծած է ան: Անոր կարծիքով, այդ ամէնէն ետք շատ կաթոլիկ երկիրներ պիտի սկսին ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ա. Մելքոնեանի խօսքով, Ֆրանսիս Պապի յայտարարութիւնը նաեւ քաղաքական իմաստ ունէր, ինչով ալ պայմանաւորուած է Թուրքիոյ արձագանգը:
«Անգարան իր ժխտողականութեամբ վատ վիճակում է յայտնուել: Պապի խօսքը նաեւ թուրք հասարակութեանն էր ուղղուած»,- ըսած է պատմաբանը` յիշելով Ֆրանսիս Պապի խօսքը` «Եթէ մեղք գործած են, պիտի ապաշխարես»:
Աշոտ Մելքոնեան այսպիսով Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջին փուլը աւարտած կը համարէ: Անոր կարծիքով, այսուհետեւ պէտք է աշխատիլ, որ այլ երկիրներու դատապարտող բանաձեւերուն մէջ անպայման ներառուի «հայրենազրկում» (patriotsid) եզրը: