Աւստրիոյ նախագահը Երեւան պիտի չգայ 24 Ապրիլին

Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշըր Ապրիլ 24-ին Հայաստան պիտի չայցելէ: Աւստրիոյ նախագահի աշխատակազմը յայտարարեց, որ Աւստրիա Ցեղասպանութեան յիշատակի հանդիսութիւններուն պիտի մասնակցի խորհրդարանի սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան երեսփոխաններէն բաղկացած պատուիրակութեամբ մը: Վիէնայի մօտ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան մեկնաբանելով այս հարցը, ըսաւ. «Մենք կը յարգենք Թուրքիոյ հետ Աւստրիոյ ունեցած յարաբերութիւնները եւ ըմբռնումով կը մօտենանք այն հանգամանքին, որ Աւստրիոյ մէջ շատ թուրքեր կ’ապրին»: