Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Անն Պրասյորը ԱԺ փոխնախագահ Հերմինէ Նաղտալեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր:
ԵԽԽՎ նախագահը ծաղկեպսակ դրած է Մեծ եղեռնի զոհերու յուշարձանին: Այնուհետեւ պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ դրած են Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ եւ մէկ րոպէ լռութեամբ յարգած են անմեղ զոհերու յիշատակը:
Հանդիպման աւարտին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի (ՀՑԹՀ) փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեանը տիկին Անն Բրասյորին նուիրած ՀՑԹՀ-ի հրատարակութիւններէն: