Երեւանի եւ Պելկրատի մէջ պիտի բացուին դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ

Հայաստանն ու Սերպիան կ՛աշխուժացնեն բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը: Արդէն աշխատանքներ կը տարուին Երեւանի եւ Պելկրատի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու հիմնադրման ուղղութեամբ: «Արմէնփրես»-¬ի փոխանցմամբ` Յունիս 3-¬ին Հայաստան ժամանած ԵԱՀԿ գործող նախագահ եւ Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:
«Հայաստանը եւ Սերպիան, հայերն ու սերպերը եղբայրական երկրներ եւ ժողովուրդներ են: Պատմութեան ընթացքում բազմաթիւ են դրուագները, երբ հայը եւ սերպը, փոխադարձ համերաշխութեան դրսեւորմամբ, ծանր պահերի միմեանց ձեռք են մեկնել: Մեն երկուստեք կարեւորում ենք Հայաստանը եւ Սերպիան կապող դարաւոր բարեկամութիւնը»,-¬ըսած է Նալպանտեան` յատկապէս կարեւորելով Սերպիոյ նախագահ Տոմիսլաւ Նիկոլիչի մասնակցութիւնը Ապրիլ 24-¬ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-¬րդ տարելիցի յիշատակի արարողութեանը:
ՀՀ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարին խօսքովˋհանդիպման ընթացքին ստորագրուած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ փոխգործակցութեան մասին յուշագիր, որով կը նախատեսուի պարբերական քաղաքական խորհրդակցութիւններու իրականացում:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկկողմ համագործակցութեան զարգացման եւ ընդլայնման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը, տնտեսական, մշակութային եւ միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդման հետ կապուած հարցեր:
Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչը Հայաստան ժամանած է Յունիս 3-ին: Ասիկա անոր առաջին այցն է Երեւան: Նախքան Հայաստան այցելելը Տաչիչը Մայիս 31-¬ին այցելած է Ատրպէյճան, ապա Վրաստան: