Է. Նալպանտեան. «Հայաստան կը շարունակէ աջակցիլ սուրիահայերուն»

Հայաստանի իշխանութիւնները ըրած են եւ կը շարունակեն ընել ամէն բան` սուրիահայերուն աջակցելու համար: Այս մասին, ըստ NEWS.am-ի, այսօր` Յունիս 3-ին, ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Սերպիոյ ԱԳ նախարար Իվիցա Տաչիչի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:
Անդրադառնալով վերջերս իր` Սուրիա այցելութեան մասին հարցումին, Նալպանտեան նշած է, որ այդ այցի ուշադրութեան կեդրոնին մէջ եղած է Սուրիոյ հայերու անվտանգութեան հարցը: «Մենք ուշադիր հետեւում ենք իրադարձութիւնների զարգացմանը եւ փորձում ելք գտնել սիրիահայերի անվտանգութեան ապահովման տեսանկիւնից: Իմ այցն ուղղուած էր գործընթացներին ծանօթանալուն»,-տեղեկացուցած է Նալպանտեան:
Հայաստանի ԱԳ նախարարի համոզումով, ճգնաժամը կարելի է լուծել ռազմական գործողութիւնները անյապաղ դադրեցնելու, քաղաքական ուժերու միջեւ երկխօսութեան, փոքրամասնութիւններու, ինչպէս նաեւ հայերու, իրաւունքները յարգելու, ահաբեկչութեան դէմ համատեղ պայքար մղելու ճանապարհով:
«Դուք գիտէք, որ Հայաստանում հազարաւոր սիրիահայեր կան: ՀՀ ղեկավարութիւնը անում եւ անելու է ամէն բան մեր սիրիահայ եղբայրներին աջակցելու համար»,- նշած է նախարարը` աւելցնելով, որ շատ կարեւոր էր հանդիպիլ տեղի հայ համայնքին հետ, քննարկել անոնց խնդիրները, կրկին ընդգծել, որ Հայաստան կ’աջակցի իրենց: