Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ապրիլ 29-ին ներկայ գտնուած է երկրի հարաւային շրջանին մէջ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու մասնակցութեամբ իրականացուող հանրապետական զօրավարժութիւններուն:
ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ` Բակօ Սահակեան կարեւոր համարած է հակաօդային պաշտպանութեան նշանակութիւնը բանակաշինութեան գործին մէջ` ընդգծելով, որ հանրապետութեան օդային տարածքը յուսալիօրէն կը վերահսկուի մեր զինուած ուժերուն կողմէ: