Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Սերկէյ Շահվերտեանը Tert.am-ի յայտնած է, որ այս տարուան առաջին 4 ամիսներու ընթացքին արդէն արձանագրուած է զբօսաշրջութեան շուրջ 20% աճ` նախորդ տարուան համեմատ:
«Դա պայմանաւորւում է նրանով, որ այս տարի նշուեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցը, եւ շատ այցելուներ, ովքեր Հայաստան էին եկել, եկան նաեւ Ղարաբաղ»,-ըսած է Շահվերտեանը: Անցեալ տարուան ընթացքին, ըստ Սերկէյ Շահվերտեանի, արձանագրուած է օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու թիւի որոշակի նուազում, ինչ որ տարբեր հանգամանքներով պայմանաւորուած է, որոնց շարքին նաեւ` օգոստոսեան պատերազմով:
«Պատճառներից մէկն էլ այն է, որ շատ սփիւռքահայեր ունեն հայկական անձնագրեր եւ որպէս օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներ չեն գրանցւում»,-նշած է Շահվերտեանը:
Զբօսաշրջութեան զարգացման համար այս տարի եւս պիտի շարունակին այն ծրագիրները, որոնք իրականացուած են նախորդ տարիներու ընթացքին:
«Կ՛մասնակցենք միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսների: Այս տարի նախատեսել ենք նաեւ եւրոպական լրատուամիջոցների լրագրողների այցելութիւններ Ղարաբաղ: Սրանք այն աշխատանքներն են, որոնք այսօր կատարւում են»,-ըսած է ան:
Անդրադառնալով Արցախի մէջ իրականացուող իւրօրինակ փառատօներուն` Սերկէյ Շահվերտեանը ըսած է, որ այս տարի զբօսաշրջութեան վարչութիւնը պիտի կազմակերպէ երկու փառատօն:
Մէկը Յունիս 27-ին Ամարասի շրջանին մէջ թութի փառատօնն է, որ առաջին անգամ կը կազմակերպուի, իսկ միւսը` Հոկտեմբերի երրորդ շաբաթ օրը տեղի պիտի ունենայ արցախեան գինիներու փառատօնը: Փառատօները, ըստ Սերկէյ Շահվերտեանի, զբօսաշրջութեան զարգացման վրայ ազդող միջոցներէն են: