Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս՝ Ապրիլ 13-ին կայացաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ պատուէրով հրատարակուած 15 գիրքերու, ինչպէս նաեւ Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ եւ նախարարութեան աջակցութեամբ տպագրուած «Կրկին կը վերակառուցենք» խորագիրով օրացոյցի շնորհանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան գրասենեակը։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան շնորհաւորեց բոլոր ներկաները եւ աշխարհասփիւռ ողջ հայութիւնը` Ապրիլ 12-ին Վատիկանի մէջ Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին մատուցուած` իրաւամբ պատմական պատարագին համար: Հռոմի պապը, խօսելով 20-րդ դարասկիզբի ոճրագործութեան մասին, այն անուանեց Ցեղասպանութիւն: Բացի այդ, Ապրիլ 12-ին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակուեցաւ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ:
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրներուն վերաբերող ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով եւ հովանաւորութեամբ հրատարակուած գիրքերուն` Սփիւռքի նախարարը նշեց, որ գերատեսչութիւնը արդիւնաւէտ կը համագործակցի հայաստանեան եւ սփիւռքեան շարք մը գիտահետազօտական կառոյցներու ու կազմակերպութիւններու հետ, եւ նախարարութեան պատուէրով հրատարակուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող 15 գիրքերը այդ համագործակցութեան պտուղներն են:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց աշխատակազմի ուժերով լոյս ընծայած «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» պատկերագիրքը, ուր ներկայացուած են Հայաստանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողներու լուսանկարները (թիւով 403), տրուած են տեղեկութիւններ այդ յուշակոթողներուն վերաբերեալ: Պատկերագիրքը հինգ լեզուով է (հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն): Գիրքը 2010թ. լոյս տեսած պատկերագիրքի լրամշակուած եւ վերահրատարակուած տարբերակն է:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը ներկայացուց նաեւ քաղաքագէտներու եւ միջազգայնագէտներու «21-րդ դարու մարտահրաւէրները եւ Հայաստանի անվտանգութեան հիմնախնդիրները» համահայկական համաժողովի նիւթերու ժողովածուն:
Նախարար Հ. Յակոբեան ներկայացուց նաեւ «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» իրաւաբաններու համահայկական երկրորդ համաժողովի նիւթերու ժողովածուն:
Շնորհանդէսին կը մասնակցէր ՀՀ ԳԱԱ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, ինչպէս նաեւ գիտնականներ, վերլուծաբաններ, հետազօտողներ, պատմաբաններ, օսմանագէտներ, թուրքագէտներ, իրաւաբաններ, գիտաշխատողներ, դասախօսներ եւ այլք ՀՀ ԳԱԱ-էն, ԵՊՀ-էն, «Նորավանք» ԳԿՀ-էն, այլ կառոյցներէն, կազմակերպութիւններէն:
ՀՀ արդարադատութեան փոխնախարար Վիգէն Քոչարեան ամփոփ անդրադարձաւ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային իրաւական փաստաթուղթերուն մէջ» ժողովածուին, ուր ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող կարեւորագոյն միջազգային իրաւական փաստաթուղթերը: Ատոնց մէջ կը շօշափուին «ցեղասպանութիւն» հասկացութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին վերաբերող հարցեր, ատոր առնչուող միջազգային դատական ատեաններու որոշումներ: Փաստաթուղթերուն մեծ մասը հայերէն լեզուով կը ներկայացուի առաջին անգամ:
ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն, ՀՀ ԳԱԱ ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան ներկայացուց «Պաքու քաղաքի հայութեան պատմութիւնը» աշխատութիւնը (Գ.Ստեփանեան), ուր Պաքուի հայ բնակչութեան պատմաժողովրդագրական համահաւաք պատկերն է` վաղ ժամանակներէն մինչեւ 1990թ. Յունուարը` ներառեալ: Գիրքին մէջ մատենագիտական եւ վիմագիր աղբիւրներու համալիր ուսումնասիրութեամբ հիմնաւորուած է Ապշերոնեան թերակղզիին եւ Պաքուի մէջ հայերու տեղաբնակ եւ մշակութակերտ ըլլալը:
Աշոտ Մելքոնեանի ներկայացմամբ շնորհանդէսի մասնակիցները ծանօթացան «Հայերը Օսմանեան կայսրութեան վերջալոյսին» (՛Armenian՛s at the twilight of the Ottoman era՛՛) աշխատութեան մէջ (Ոսկան Մխիթարեան, Հայր Վահան Ծ. վրդ. Օհանեան News Reports From The International Press, Volume I, The New York Times 1890-1914): Ստուարածաւալ աշխատութիւնը հրատարակուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի հովանաւորութեամբ եւ «Փիւնիկ» համահայկական մարդկային աղբիւրներու զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ:
Հատորը կը պարունակէ ցեղասպանութեան նախորդած ժամանակաշրջանի նիւթերը` 1890-1914թթ.: Հատորին մէջ զետեղուած են յօդուածներ, խմբագրականներ, պարզաբանումներ եւ նամակներ ուղղուած “New York Times” խմբագրութեան: Հատորի նիւթերու 60 տոկոսը կը ներառէ 1894-1896թթ. ժամանակաշրջանը: Առաւել ուշագրաւ են 1908-1910թթ. լոյս ընծայուած յօդուածները:
Ա.Մելքոնեան անդրադարձաւ նախարարութեան ջանքերով կազմուած, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով հրատարակուած «Հայկական պետութեան սահմաններն` ըստ ԱՄՆ նախագահ Վուտրօ Վիլսոնի» գիրքին, ուր կը ներկայացուի ԱՄՆ 28-րդ նախագահ Վուտրօ Վիլսոնի իրաւարար վճիռը (1856-1924) եւ պաշտօնական նամակը Դաշնակից տէրութիւններու (Անտանտ) Գերագոյն խորհուրդի նախագահին: Գիրքին կից կը ներկայացուի նաեւ ԱՄՆ նախագահ Վուտրօ Վիլսոնի կողմէ որոշուած սահմանի քարտէզը:
Բանախօսը ներկայացուց «Գրիգոր Կուլկուլեանի գործը: Վրէժ սպաննուած հօր եւ եղբայրներու համար» գիրքը, ուր հայ վրիժառու Գրիգոր Կուլկուլեանի դատավարութեան ռուսերէն սղագրութեան թարգմանութիւնն է (խմբ.` Հ. Զատիկեան, ռուսերէնէն թարգմ.` Ա. Պետրոսեանի):
ԵՊՀ Եւրոպական ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Արթուր Ղազինեան խօսեցաւ «Արտերկրի մէջ գտնուող հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան իրաւական կարգավիճակը (Թուրքիա, Իսրայէլ, Հնդկաստան)» գիրքի մասին (փորձագէտներ` Լ.Միրզոյեան, Լ.Կարապետեան, գիտական խմբագիր` Ա.Ղազինեան, Ա.Մկրտչեան): Գիրքին մէջ փորձ եղած է գիտահետազօտական աշխատանքի մակարդակով ներկայացնել Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ Հնդկաստանի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան առկայ իրաւական խնդիրներուն առնչուող ամենաբազմաբնոյթ հարցերը, ինչպիսիք են այդ ժառանգութեան բաղկացուցիչ մաս հանդիսացող պատմամշակութային արժէքներու օտարումը, արտահանումը, վնասելու կամ ոչնչացնելու համար յառաջացող պատասխանատուութիւնը:
Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու ընկերակցութեան համանախագահ Գոհար Թութունճեան ներկայացուց ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ ստեղծուած «Կրկին կը վերակառուցենք» օրացոյցը` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու ընկերակցութեան մասին գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ քաղաքաշինութեան նախարարի տեղակալ Արմէն Ղուլարեան: Ան մասնաւորապէս նշեց, որ ըլլալով համահայկական կառոյց` ընկերակցութիւնը նպատակ ունի Սփիւռքի հայ համայնքներու միջոցով «Կրկին կը վերակառուցենք» օրացոյցը հասանելի դարձնել հանրութեան լայն շրջանակներուն` նպաստելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրազեկութեան աստիճանի բարձրացման եւ ճարտարապետական հին ու նոր մշակութային արժէքներուն:
ԳԿՀ հայագիտական կեդրոնի ղեկավար Արիստակէս Սիմաւորեան ներկայացուց «Հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքները Թուրքիոյ. ժամանակակից միտումներ» աշխատութիւնը, ուր կը լուսաբանուին Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու ծագումը, պատմական զարգացման ընթացքը եւ արդի գործընթացները: Փորձ եղած է վերհանել Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու ներուժը` մարդկային, կազմակերպչական եւ այլ տեսանկիւններէն: Անդրադարձ կատարուած է այդ համայնքներու նկատմամբ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան, կրօնական անհանդուրժողականութեան խնդիրին:
Արիստակէս Սիմաւորեան ներկայացուց նաեւ Հ.Զատիկեանի` «Կարինի նահանգը 19-րդ դարու երկրորդ կէսին» աշխատութիւնը, որ ծաւալուն անդրադարձ է նահանգի 19-րդ դարու երկրորդ կէսի սոցիալ-տնտեսական եւ քաղաքական կացութեան, նահանգի գաւառներու պատմութեան եւ ժողովրդագրութեան: Գիրքին յատուկ կարեւորութիւն կը հաղորդեն անոր մէջ ներկայացուած ժողովրդագրական աղիւսակները, տեղագրական եւ ժողովրդագրական հարուստ նիւթը:
Ձեռնարկին աւարտին ներկաները դիտեցին Արա Երնջակեանի կարճամեթրաժ «Խաւարում» ֆիլմը` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան: