Համագործակցութիւն Հայաստանի եւ «Microsoft»-ի միջեւ

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է «Microsoft» ընկերութեան հետ համագործակցութեան յուշագիրի, արտօնագիրի պայմանագիրներու եւ կառավարութեան անվտանգութեան ծրագիրի պայմանագիրի կնքման առաջարկութեան:
Որոշման հիմք հանդիսացած է 2014-ի Սեպտեմբեր 26-ին Նիւ Եորքի մէջ կայացած 7-րդ ամէնամեայ «Արմթէք 2014» Հայաստանի բարձր տեխնոլոկիաներու ոլորտի միջազգային համաժողովի ծիրէն ներս ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան եւ «Microsoft» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրը: Ատոր հիման վրայ ՀՀ վարչապետի 2014-ի Դեկտեմբեր 22-ի որոշմամբ ձեւաւորուած է աշխատանքային խումբ, որ քննարկած է «Microsoft» ընկերութեան հետ յետագայ համագործակցութեան ուղղութիւններն ու ծրագիրները:
Խումբի ներկայացուցած փաստաթուղթերու ծրարը կը ներառէ հետեւեալ բաղադրիչները` Հայաստանի մէջ «Ամպային» եւ մոպայլ լուծումներու տարածաշրջանային կեդրոնի հիմնին մէջ` «Microsoft» նորարաութեան կեդրոնի հենքով, կրթական ոլորտի համագործակցութիւն, մտաւոր սեփականութեան պաշտպանութեան ուղղուած համատեղ ծրագիրներու եւ այլ նախաձեռնութիւններու իրականացում:
Կ’ակնկալուի, որ «Microsoft» ընկերութեան հետ ստորագրուելիք փաստաթուղթերուն հաւանութիւն տալու որոշման ընդունումը կը ստեղծէ ընկերութեան հետ յետագայ արդիւնաւէտ համագործակցութեան նախադրեալներ: Խնդրոյ առարկայի վերաբերեալ ծաւալած քննարկման ընթացքին ճշդուած է ՀՀ կառավարութեան կարիքներուն համար համակարգչային արտօնագրուած ծրագրային ապահովման ծրարներ
ձեռք բերելու դիմաց յառաջիկայ երեք տարուան յատկացումներու չափը: