Հայաստան` զբօսաշրջութեան համար ամենէն աժան երկիրներու լաւագոյն տասնեակին մէջ

Ռուսական Adme.ru կայ­քէ­ջը կազ­մած է զբօ­սաշրջու­թեան հա­մար ամե­նէն աժան
եր­կիրնե­րու ցան­կը:
Հա­յաս­տանի համար կ՚ըսուի, թէ խորովածը կամ խա­չապու­րը կ՚ար­ժէ 1 տո­լար:
Սո­վորա­կան սրճա­րանի մը մէջ ճա­շելու հա­մար պէտք է շուրջ 3 տո­լար, իսկ
ճա­շարա­նի մէջ` 4-5 տո­լար:
Երե­ւանի մէջ կա­րելի է շարք մը աժան պանդոկներ գտնել:Երկտե­ղանի սե­նեակի հա­մար միջին հաշուով հարկ է վճարել 30-40 տո­լար: Կա­րելի է նաեւ բնա­կարան վար­ձել` 25-30 տո­լար օրա­վար­ձով: Իսկ մայ­րա­քաղա­քէն դուրս գի­ները աւե­լի ցած են:
Գալով Հայաստանի տեսարժան վայրերուն, կը յիշուի Երե­ւանը եւ անոր արուար­ձաննե­րը, Սե­ւանայ լի­ճը, Վա­նաձո­րը, Լո­ռիի կիր­ճը, Խոր Վի­րապի վան­քը` Արա­րատ լե­րան տե­սարա­նով, Որո­տանի հո­վիտը, Տա­թեւի վան­քը, եւլն:
Լա­ւագոյն տաս­նեակի ցան­կը կը լրաց­նեն Ատրպէյճան, Սեր­պիա, Թու­նիս,
Ուզպէ­քիս­տան, Վրաս­տան, Հնդկաս­տան, Լե­հաս­տան, Եգիպ­տոս, Ղա­զախստան: