Հան «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Հարցին Մէջ Նոր Մեթոտներ Պէտք Է Կիրարկեն»

Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Եոհաննես Հան Ռիկայի մէջ յայտնած է, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է նոր մեթոտներ կիրարկեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու համար:
«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը գոյութիւն ունի բաւական ժամանակէ ի վեր: Եւրոպական Միութիւնը կը փորձէ ընել կարելին տագնապին լուծման համար: Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է նոր մեթոտներ օգտագործեն ատոր լուծման համար: Լաւ օրինակ են Պալքանները, ուր մենք տեսանք միջսահմանային համագործակցութիւն: Թերեւս այդպիսի համագործակցութիւն կարելի է նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Այդ նախագիծը նախ եւ առաջ կարեւոր է երկիրներու միջեւ վստահութեան կառուցման համար:
«Յառաջիկայ տարիներուն մենք մտադիր ենք Հարաւային Կովկասի մէջ զարգացնել միջսահմանային համագործակցութիւնը», ըսած է ան: