Մայիս 22-ին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անդրադառնալով Սփիւռքի հիմնախնդիրներուն, կարեւոր համարած է մայրենիի իմացութեան խնդիրը, նշելով, որ Սփիւռքի ամենամեծ մարտահրաւէրը լեզուի իմացութեան պակասն է:
«Եթէ սկզբնական շրջանում մեր դպրոցները, ծնողներն աւելի նախանձախնդիր էին լեզուն սովորեցնելու հարցում, ապա այժմ այն յետին պլան է մղւում, երիտասարդների մէջ պակասում է հայերէն խօսելու կարողութիւնը»,- նշած է նախարարը եւ աւելցուցած, որ խնդիրի լուծման համար նախարարութիւնը համայնքներուն մէջ ստեղծած է 30-40 մաշտոցեան կեդրոն:
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ կը կազմակերպուին ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացներ։ Սփիւռքի 229 դպրոցներու ուղարկուած է շուրջ 60 հազար գիրք: Հայաստանեան մանկավարժներու միջոցով ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացներ կը կազմակերպուին նաեւ համայնքներու մէջ:
«Բայց կարծում ենք, որ հայերէն պէտք է սովորել հայրենիքում: Ինչպէս Լոնտոնն է համարւում անգլերէնի ուսուցման կեդրոնը, այնպէս էլ Երեւանը պէտք է լինի հայերէնի ուսուցման կեդրոնը: Այդ նպատակով Երեւանի պետական համալսարանի բազայի վրայ ստեղծել ենք «Սփիւռք» ամառային դպրոցը, որտեղ տարեկան շուրջ 100 սփիւռքահայ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն են սովորում»,- նշած է Հրանոյշ Յակոբեան: