Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ` Բակօ Սահակեան Յունիս 3-ին Երեւանի մէջ, հանդիպում ունեցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչի հետ:
ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ` հանդիպումին քննարկուած են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը կողմնակից է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս եւ ընդգծած է բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը` զայն համարելով գործընթացի առանցքային բաղադրամասերէն մէկը: Երկրի ղեկավարը նաեւ մատնանշած է Ատրպէյճանի կողմէ վարուող խիստ ապակառուցողական քաղաքականութիւնը` Պաքուի պահուածքը որակելով որպէս տարածաշրջանի մէջ կայունութեան սպառնալիք, միջազգային չափորոշիչներու ու սկզբունքներու կոպիտ ոտնահարում:
Հանդիպումին մասնակցած են արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկը, պաշտօնատար այլ անձիք: