Ս. Փեթերսպուրկի նահանգապետ Գէորգի Փոլտաւչենկոն Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` ան ծաղիկներ տեղադրեց անմար կրակին մօտ, ապա, Երեւանի քաղաքապետի առաջին տեղակալ Կամօ Արէյեանի ուղեկցութեամբ, այցելեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան` դիտելու նորաբաց ցուցադրութիւնը: Անոր՝ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան ներկայացուց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան պատմութիւնը` կազմակերպիչներու յստակ ծրագրուած գործելաոճի նկարագրումէն մինչեւ սպանդի իրականացման փաստացի ապացոյցները: Փոլտաւչենկոն փաստաթուղթեր նուիրաբերեց թանգարանին:
Այդ փաստաթուղթերուն մէջ զետեղուած են Ցեղասպանութենէն մազապուրծ գաղթականներուն Ս. Փեթեսրպուրկի մէջ (այն ժամանակ Փեթրոկրատ) օգնութիւն ցուցաբերելու վերաբերեալ տեղեկութիւններ: Նահանգապետը գրառում կատարեց հիւրերու յուշամատեանին մէջ` նշելով. «Շատ տպաւորուած եմ այցելութենէն եւ կը կիսեմ հայ ժողովուրդի ցաւը` այդ սարսափելի ողբերգութեան կապակցութեամբ»:
Օսմանեան կայսրութեան մէջ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն իրագործուած հայ բնակչութեան կոտորածները կ’անուանեն Հայոց Ցեղասպանութիւն: Այդ կոտորածները իրագործուեցան երիտթուրքական կառավարութեան կողմէ Օսմանեան կայսրութեան տարբեր շրջաններու մէջ: Միջազգային առաջին արձագանգը այս իրադարձութիւններուն 1915-ի Մայիս 24-ին Ֆրանսայի, Ռուսաստանի եւ Մեծ Բրիտանիոյ համատեղ յայտարարութիւնն էր, ուր հայ ժողովուրդի նկատմամբ կատարուած բռնութիւնները բնորոշուեցան որպէս «Յանցագործութիւն մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ»: Կողմերը կատարուած յանցագործութեան համար պատասխանատու կը համարէին թրքական կառավարութիւնը: Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ կ’ապրէին երկու միլիոնէ աւելի հայեր: Շուրջ մէկուկէս միլիոն հայ սպաննուեցաւ 1915-1923 թուականներուն, իսկ մնացեալները` կամ բռնի մահմետականացուեցան, կամ ալ ապաստանեցան աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ դատապարտած են աշխարհի երկու տասնեակ պետութիւններ, ԱՄՆ 43 նահանգներ, Եւրոխորհրդարանը, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը, հեղինակաւոր այլ կազմակերպութիւններ: