Անցեալ տարի Արցախի ազատագրուած Քաշաթաղի շրջանի հարաւէն՝ Արաքս գետի մօտակայքէն 5 հեկտար հող վերցուցինք, որպէսզի նոր միրգեր փորձարկենք այս բերրի դաշտերուն մէջ։
«Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ի այս ծրագրին նպատակը նոր տեսակի միրգերու արտադրութիւնը խթանել է ազատագրուած շրջաններուն մէջ, որպէսզի վերջին տարիներուն այստեղ հաստատուած բնակիչները եկամուտի նոր աղբիւրներ ունենան եւ ազատագրուած տարածքներու տնտեսական զարգացման համար նոր հնարաւորութիւններ ստեղծուին։
Անցնող քանի մը օրերուն հինգ հեկտար հողի վրայ ցանեցինք 180 «նոր աշխարհ»-ի (loquat) ծառ, 112 պիստակի, 180 ձիթապտուղի, 230 նուշի, 800 եւ 280 վաղահաս դեղձի ու կեռասի ու նոր տեսակի սեւ սալորի 75 ծառ։ Հինգշաբթի օր սերկեւիլի տնկիներով պիտի ճոխացնենք մեր նոր, փորձառական այգին։
Ազատագրուած հողերը կը պահեն նաեւ տքնաջան աշխատանքով, քրտինքով՝ վերաբնակեցումով եւ տնտեսական զարգացումով։
16 տարի է արդէն կ’աշխատինք այս հաւատքով ու համոզումով։
Վստահ ենք, որ մեր խոպան ու չորցած դաշտերը պիտի կանաչնան ու ծաղկին։
Վստահ ենք, որ ամայացած ու լքուած գիւղերը, մեր ազատագրուած տարածքները դարձեալ պիտի բնակեցուին ու դառնան հայ կեանքի ծաղկող օրրաններ, մշտավառ օճախներ։
Հայրենիքը պահելու եւ զարգացնելու ճամբան յարատեւ պայքարն է։ Յարատեւ պայքար՝ բոլոր ճակատներուն վրայ։
Րաֆֆի Տուտագլեան