January 30, 2024ArekyԱշխարհ, Հայաստան
ազրպէյճանը կը շարունակէ հետեւողականօրէն ոչնչացնել Արցախի հայկական ժառանգութիւնը. հիմա ալ Բերձորի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին կը վերածեն մզկիթի։ Այս մասին կ՝ահազանգէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդը։
Կը նշուի, որ հասարակական ցանցերու վրայ հրապարակուած տեսագրութիւնները կը հաստատեն այս փաստը։ Եկեղեցւոյ՝ մզկիթի վերածելու վերաբերեալ կասկածները կային դեռ 2021 թուականէն։
«Այժմ եկեղեցին շրջափակուած է քողարկիչներով, իսկ տարածքին մէջ կը կատարուին շինարարական աշխատանքներ»,- կը տեղեկացնէ խորհուրդը։
Մինչ այդ ազրպէյճանական կողմը հրապարակած էր ապագայ մզկիթին նախագիծը։ Ըստ նախագիծին՝ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին պիտի վերածուի երկու մինարէթներով մզկիթի։