Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերստին յայտնած է, որ Հայաստանի տարածքին ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան գործունէութիւնը անընդունելի է եւ անվստահութիւն կ’առաջացնէ Պաքուի եւ Պրիւքսէլի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ։
Ատրպէյճանի առաջնորդը եւրոպացի դիտորդներուն գործունէութիւնը անուանած է «հեռադիտակային դիւանագիտութիւն»։
«Ո՞րն էր առաքելութեան ժամկէտը երկարաձգելու, անոնց թուաքանակը աւելցնելու անհրաժեշտութիւնը՝ այն ալ առանց Պաքուի հետ խորհրդակցելու»,- յայտնած է Ալիեւ՝ Պաքուի մէջ ընդունելով Պելճիքայի նորանշակ դեսպան Ժիւլիեն տէ Ֆրեփոնի հաւատարմագրերը։
Ալիեւ միաժամանակ գոհունակութեամբ խօսած է Եւրամիութեան Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւնններու արդիւքներուն մասին եւ պնդած, որ «հայկական կողմը որոշած է չշարունակել պրիւքսէլեան գործընթացը»։
Եւրոմիութեան պաշտօնեաները, պաշտօնական Երեւանը դեռեւս չեն արձագանգած Ատրպէյճանի նախագահի այս յայտարարութիւններուն։
Յիշենք նաեւ, որ վերջերս Ատրպէյճանի բանակի գլխաւոր շտաբի պետ Քերիմ Վալիեւ ՆԱԹՕ-ի բարձրաստիճան զինուորականի հետ հանդիպման ժամանակ ան եւս դժգոհած է, թէ դիտորդներու տեղակայումը Հայաստանի տարածքին կը սրէ իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ, կը խոչընդոտէ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման։
Ատրպէյճանցի բարձրաստիճան զինուորականի այդ յայտարարութիւնը հնչեց Պաշտպանութեան նախարարութեանը մօտ կանգնած «Քալիպեր» կայքի այն հրապարակման լոյսին ներքոյ, թէ եւրոպացի դիտորդները եւ հայ զինուորականները համատեղ «կը լրտեսեն Ատրպէյճանի տարածքը՝ հնարաւոր նոր սադրանքի» նախապատրաստման համար:
Եւրոմիութեան առաքելութիւնը կտրականապէս հերքած է բոլոր մեղադրանքները։
Իսկ հայկական կողմէ՝ Հ.Հ. Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնած է, որ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւնը պէտք է շարունակէ կատարել կայունութեան դերակատարութիւնը, քանի դեռ անոր կարիքը կայ։
Աւարտնի յիշենք, որ ԵՄ դիտորդները Հայաստան ժամանած են 2023-ի Փետրուարին՝ երկու տարիով։