Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը պաշտօնապէս երդուեց՝ շարունակելով երկրին կառավարումը հերթական ժամկէտով:
Երդման արարողութենէն ետք ան հանդէս եկաւ ելոյթով, որուն մէջ, ինչպէս կարելի էր կանխատեսել, կրկին յիշեց Հայաստանը, միջազգային հանրութիւնը, սպառնալիքներ հնչեցուց եւ «զգուշացումներ» տուաւ:
Ալիեւը յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի բանակը իր ուժը ցոյց տուած է ոչ թէ զօրավարժութիւններու կամ շքերթներու, այլ՝ մարտի դաշտին մէջ։
«Հայաստանը եւ անոր ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերողները պէտք է իմանան, որ մեզ ոչինչ կրնայ կանգնեցնել», յոխորտալով յայտարարեց եւ զրպարտեց թէ իբրեւ Հայաստանը Ատրպէյճանին կեղծ պահանջներ կը ներկայացնէ, որ կը խանգարէ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման:
«Եթէ մեր դէմ ուղղուած տարածքային պահանջներուն վերջ չդնեն, եթէ Հայաստանը իր օրէնսդրութիւնը չվերադարձնէ բնականոն հուն, ապա, բնականաբար, խաղաղութեան պայմանագիր չ’ըլլար», ըսաւ Ալիեւ:
Ապա, ան խօսքը ուղղելով միջազգային հարթակներուն եւ Հայաստանին այս կամ այն կերպ աջակցող երկրներուն՝ Ալիեւ յայտարարեց, թէ որոշ երկիրներ «կ’ուզեն ստանձնել համաշխարհային հանրութեան գործառոյթները եւ կը փորձեն խօսիլ անոր անունով, իսկ երբ ըսելիք չկայ, կը յայտարարեն, որ միջազգային հանրութիւնը դրական պիտի չընկալէ այս կամ այն հարցը»:
Այս մասին խօսելու ժամանակ ան շեշտելով ըսաւ. «Քանի հովանաւոր ալ ունենայ Հայաստանը, ոչ ոք մեզ կրնայ կանգնեցնել։ Մենք Հայաստանի տարածքին նկատմամբ յաւակնութիւններ չունինք, բայց իրենք ալ պէտք է հրաժարին իրենց անհիմն պահանջներէն: Ընդամէնը 20-30 երկիր չի կրնար խօսիլ միջազգային հանրութեան անունով։ Իսկ միջազգային հանրութիւնը մեր կողքին է, եւ Ղարաբաղեան Երկրորդ պատերազմին ժամանակ՝ հակաահաբեկչական գործողութեան ժամանակ, միջազգային հանրութիւնը մեզի աջակցեցաւ։ Ատրպէյճանի միջազգային հեղինակութիւնը, կը կարծեմ, այսօր ոեւէ մէկուն համար գաղտնիք չէ»։
Իլհամ Ալիեւ նաեւ իր խօսքը ուղղեց անոնց, որոնք կ’ուզեն քննարկել հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները, ընդ որում՝ երկու երկիրներուն միջեւ միջնորդութիւնը, ըսելով որ այս հարցին մէջ միջնորդներ պէտք չեն։
«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը պէտք չէ մնայ միջազգային օրակարգին վրայ: Ով կը սկսի խօսիլ այս մասին ու զբաղիլ այս հարցով, կ’ըսենք անոնց՝ գացէք եւ զբաղուեցէք ձեր գործով. մենք մեր հարցը լուծած ենք», ըսաւ Ալիեւ։