Ալիեւ Հայաստանին կը մեղադրէ Ատրպէյճանի պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման գործին մէջ

«Հայաստանի տարածքին մէջ Ատրպէյճանի իսլամական պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը մեծ հիասթափութիւն կը յառաջացնէ», վերջերս Պաքուի մէջ «Պաշտպանելով բազմազանութիւնը. պայքար իսլամաֆոպիայի դէմ 2024» նիւթով միջազգային խորհրդաժողովի ժամանակ յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Այս մասին հաղորդած է «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ալիեւ ըսած է, թէ Ատրպէյճան դիմած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին` թեքնիք առաքելութիւն ուղարկելու Հայաստան` «գնահատելու վիճակը մեր մշակութային եւ կրօնական յուշարձաններուն, որոնք տարիներ շարունակ ոչնչացուած են այդ երկրին մէջ»:

«Ցաւօք, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն տակաւին չէ արձագանգած այս կոչին», աւելցուցած է Ատրպէյճանի բռնապետը: