Աղաւնօ համայնքին մէջ պատրաստ է առաջին նորակառոյց թաղամասը

Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ համայնքին մէջ կառուցուող 50 առանձնատուներէն 26-ը արդէն շահագործման յանձնուած են:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, տեղեկացուցած են ԼՂՀ քաղաքաշինութեան նախարարութենէն: Վերաբնակեցման գօտիի զարգացման ծիրին մէջ ծրագիրը կեանքի կը կոչուի ԼՂՀ կառավարութեան, «ARI» ընկերութեան եւ Արցախի ներդրումային հիմնադրամի համաֆինանսաւորումով:

Աղաւնոյի բնակիչները պիտի ունենան մշտական ջուր: Ծրագիրը եռափուլ է, իւրաքանչիւր փուլի կը նախատեսուի կառուցել 50 բնակելի առանձնատուն: Շինարարական աշխատանքները սկսած էին 2013 թուականին, որ կ՝իրականացնեն «Արգիշտի», «Մեխտրանսպորտ», «Էլիտստրօ», «Եւրոստրօ», «Արմէն-շին», «Դենարտ», «Ստրոյգիգանտ» կապալառու ընկերութիւնները:

Նշենք, որ «ԱՐԻ»-ն հիմնադրուած է 2009 թուականին լիբանանահայ գործարարներու կողմէ` Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններու գիւղատնտեսութիւնը զարգացնելու նպատակով:

Այս շրջաններու բնակիչները 2010 թուականէն կ՝օգտուին ընկերութեան` նպատակային փոխառութեամբ տրամադրուող նիւթական միջոցներէն: 6 տարիներու ընթացքին «ԱՐԻ»-ն «Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան հիմնադրամ»-ի միջոցով Քաշաթաղի ու Շահումեանի շրջաններուն մէջ շուրջ 1 միլիառ 260 միլիոն դրամի ծրագիրներ իրականացուցած է` արտօնեալ պայմաններով փոխառութիւններ տրամադրելով աւելի քան 1000 ընտանիքներու: Աւելի ուշ ընկերութիւնը ընդլայնած է ներդրումներու շրջանակը` ԼՂՀ կառավարութեան հետ համատեղ մասնակցելով Աղաւնոյի մէջ իրականացուող բնակարանաշինութեան ծրագիրին:

Նախատեսուող 150 տուներէն 50-ին կառուցումը կը մօտենայ աւարտին, որուն «ԱՐԻ»-ն կը մասնակցի շուրջ 900 միլիոն դրամի ներդրումով: Բնակարաններուն մէկ մասը հասարակական ծրագիրներու ծիրին մէջ պիտի տրամադրուի վերաբնակիչներուն, իսկ միւս մասը պիտի վաճառուի հիփոթեքային արտօնեալ պայմաններով: