ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՐԷԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ԴԱՏԱԽԱԶԸ

Շաբաթ՝ 14 Սեպտեմբեր 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ..Տ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Միջազգային Քրեական Դատարանի (ՄՔԴ) նախկին դատախազ՝ Լուիս Մորենօ Օգամպոն ու «Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան Կեդրոն» կազմակերպութեան անդամները,  ուղեկցութեամբ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ․ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանի։

Ողջունելով ՄՔԴ նախկին դատախազի այցը հայոց հոգեւոր կեդրոն՝ Նորին Սրբութիւնը տեղեկութիւններ տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի՝ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան, հոգեւոր, մշակութային արժէքներու, ազգային ինքնութեան կերտման եւ ազգապահպան առաքելութեան մասին։

Հանդիպումին Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Օգամպոյին միջազգային տարբեր ատեաններուն մէջ հայ ժողովուրդի եւ արցախահայութեան արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան դատապարտման եւ գերիներու վերադարձի գործին ներդրած ջանքերուն համար։

Խօսելով երկրին առջեւ ծառացած անվտանգային հիմնահարցերուն մասին՝ Հայոց Հայրապետը իր մտահոգութիւնը յայտնեց՝ ընդգծելով, որ Եկեղեցին մշտապէս իր կարելի նպաստը կը բերէ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման, արցախահայերու հոգեւոր եւ մարդասիրական կարիքներու բաւարարման ու անոնց ապահով ապագայի կերտման ջանքերուն։ Յիշեալ հարցերու ամբողջական լուծման գծով Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր համարեց միջազգային հանրութեան գործուն աջակցութիւնը, Օգամպոյի ծաւալած գործունէութիւնը ի խնդիր արդարութեան հաստատման եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան։

Իր կարգին Լուիս Մորենօ Օգամպօ Նորին Սրբութեան ներկայացուց իր մտածումները ու նախաձեռնած գործողութիւնները Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներու ազատագրման, Արցախի մէջ իրագործուած ցեղային զտումներու բարձրաձայնման, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման շուրջ՝ ընդգծելով միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու գործնական կիրառման անհրաժեշտութիւնը: Այս առնչութեամբ Օգամպօ կարեւոր համարեց աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբումը այդ սկզբունքները կեանքի կոչելու համար: ՄՔԴ նախկին դատախազը անդարաձաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութեան տեղահանուած արցախահայերու հոգեւոր առաջնորդութեան, անոնց ոտնահարուած իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ գերիներու վերադարձին գծով։