Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հիւրընկալած է Գանատայի Զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդը

Կիրակի՝ 24 Փետրուար 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ճանաչողական այցով Հայաստան ժամանած Գանատայի ԶՈՒ հոգեւոր առաջնորդ Կիյ վարդապետ Չափթլէյնին՝ ուղեկցութեամբ Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանի եւ ՀՀ ԶՈՒ հոգեւոր առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեանի:

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ողջունած է երկու երկիրներու Զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդների փոխգործակցութիւնը՝ այն կարեւոր եւ օգտակար նկատելով փորձի փոխանակման եւ բանակին մէջ հոգեւորականներու ծառայութիւնը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու տեսանկիւնէն:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նաեւ անդրադարձ կատարած է Հայոց բանակի հոգեւոր առաջնորդութեան գործունէութեան եւ եկեղեցականներու ծառայութեան` ընդգծելով, որ այն կարեւոր դերակատարութիւն ունի: Նորին Սրբութիւնը փաստեց, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին Հայ Եկեղեցին ու անոր սպասաւորները մշտապէս կանգնած եղած են հայ զինուորականի կողքին՝ միասնաբար պայքարելով հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ հայոց անկախ պետականութեան կերտման ու պաշտպանութեան համար:

Գանատայի ԶՈՒ առաջնորդը եւս իր այցը Հայաստան լաւագոյն առիթ նկատեց Հայոց բանակի հոգեւոր առաջնորդութեան հետ կիսուելու զօրամասերուն մէջ հոգեւոր ծառայութեան իրականացման փորձով եւ ոլորտին առնչուող համապատասխան գիտելիքներով: Վարդապետ Չափթլէյնին եւս կարեւորեց հոգեւորականի՝ զինուարականի կողքին ըլլալը, յատկապէս դժուարին պայմաններուն մէջ:

Աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, օրհնելով Գանատայի ԶՈՒ հոգեւոր առաջնորդը, անոր մաղթած է Աստծոյ օգնականութիւնը սրբազան եւ պատասխանատու առաքելութեան մէջ: